
13 Փետրուարին, Սիւնիքի Ներքին Հանդի ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներուն պատճառով զոհուեցան 4 հայ զինուորներ, իսկ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն:
«2024 թուականի Փետրուարի 13ին Ադրբեջանի զինուած ուժերի զինծառայողները ռասայական (ցեղապաշտական), ազգային, էթնիկ (ցեղային) ծագումով պայմանաւորուած ատելութեան, անհանդուրժողականութեան կամ թշնամանքի շարժառիթով, ապօրինաբար կեանքից զրկելու դիտաւորութեամբ` կրակոցներ են արձակել ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տակ գտնուող շփման գծի հարաւ-արեւելեան հատուածի մարտական դիրքերի ուղղութեամբ: Դրա հետեւանքով 4 անձ` Էդուարդ Յարութիւնեանը, Գագիկ Մանուկեանը, Արսէն Համբարձումեանը, Հրաչ Յովհաննիսեանը, ստացել են կեանքի հետ անհամատեղելի հրազէնային մարմնական վնասուածքներ: Եւս մէկ անձ` Ռուստամ Վարդանեանը, ստացել է աջ ձեռքի նախաբազկի շրջանի հրազէնային վիրաւորում: Վերջինիս վիճակը գնահատւում է միջին ծանրութեան: Կատարւում է նախաքննութիւն: Ձեռնարկւում են անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի քննչական եւ վարութային այլ գործողութիւններ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքու արձագանգեց միջադէպին՝ ըսելով, թէ 13 Փետրուարին Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումները, «իբրեւ պատասխան հայկական զինուած ուժերու երէկուան սադրանքին», իրականացուցած են «հատուցում» գործողութիւնը:
Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութիւնը նշեց, որ «հատուցում» գործողութեան իբրեւ արդիւնք Ներքին Հանդի բնակավայրին մօտ գտնուող Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքը, «ուրկէ երէկ կրակ բացուած էր ատրպէյճանցի զինուորին վրայ, ամբողջութեամբ ոչնչացուած է»:
Հայաստանի կառավարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 Փետրուարին, Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Համայնքներու պալատի անդամ Սըր Ճոն Ուիտինկտէյլի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ նոյն օրը առաւօտեան Ատրպէյճան սկսաւ տեղային, բայց ծաւալուն հրաձգութեան` անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով, եւ պատճառ դարձաւ չորս զինուորներու սպանութեան։
Ան յայտնեց, որ եղածը միակ գործողութիւնը չէ, այլ ատրպէյճանցիները մնայուն կերպով կը դիմեն այսպիսի սադրանքներու, որոնք Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնն են, որ մեծապէս կը վտանգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը:
Ըստ Փաշինեանի՝ ասոր վկայութիւնը կը հանդիսանայ նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնը` համեմուած Հայաստանի նկատմամբ բացայայտ տարածքային նկրտումներով:
«Ակնյայտօրէն, Ադրբեջանի կառավարութեան ռազմավարութիւնն ուղղուած է մեր տարածաշրջանում թշնամանքի խորացմանը, ինչը շատ անհանգստացնող փաստ է: Բայց չնայած այս բոլոր փաստերին, մեր կառավարութիւնը նուիրուած է խաղաղութեան գործընթացին, քանի որ մեր համոզմունքն այն է, որ խաղաղութեան գործընթացը չունի այլընտրանք: Ի հարկէ, մենք պէտք է ամէն ինչ անենք խաղաղութեան գործընթացում հասնելու կոնկրետ (յստակ) արդիւնքների, եւ մենք դա անում ենք: Բայց դժբախտաբար, հնարաւոր չէ դա անել առանց միւս կողմի քաղաքական կամքի: Եւ այսօրուայ չորս զինուորի կեանք տարած միջադէպը ոչ միայն խաղաղութեան քաղաքական կամքի բացակայութեան, այլեւ թշնամանքը խորացնելու եւ ռազմական էսկալացիա (մագլցում) ծաւալելու Ադրբեջանի մտադրութիւնների մասին է վկայում: Սրա մասին են վկայում երէկ եւ այսօր տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Ադրբեջանական մամուլը երէկ երեկոյեան տեղեկատուութիւն տարածեց, ըստ որի` այսօրուայ միջադէպի հատուածում Հայաստանի դիրքապահը կրակ է բացել ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ: Դրանից անմիջապէս յետոյ Հայաստանի Ռազմական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ այդ տեղեկութիւնների հիման վրայ հետաքննութիւն է սկսուել, որովհետեւ ՀՀ ՊՆ կողմից կայ շատ խիստ հրաման` չհրահրել որեւէ էսկալացիա, չտրուել սադրանքների: Եւ դա շատ յստակ ուղերձ էր Հայաստանի կողմից, եւ Ռազմական ոստիկանութեան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ յստակ ասւում էր, որ եթէ այդ փաստն ապացուցուի, դա կը նշանակի հրամանի խախտում` դրանից բխող իրաւական հետեւանքներով: Բայց չնայած դրան, այսօր վաղ առաւօտեան Ադրբեջանը սկսեց տեղային, բայց ծաւալուն հրաձգութիւն` ԱԹՍների (անօդաչու թռչող սարքերու) կիրառմամբ, եւ ինչպէս նշեցի, դժբախտաբար չորս զինծառայող սպաննուեցին: Հարցը նոյնիսկ երէկ երեկոյեան ադրբեջանական լրատուամիջոցների հրամցրած միջադէպը չէ, որովհետեւ մենք շատ երկար ու բարդ սահման ունենք եւ եթէ որեւէ մէկն էսկալացիայի, խաղաղութեան գործընթացը վիժեցնելու պատրուակ է փնտռում, միշտ էլ կը գտնի, թէկուզ լրատուամիջոցների հրապարակումների տեսքով: Ցաւօք մենք շարունակաբար այս գործելակերպն ենք տեսնում Ադրբեջանի կողմից», ըսաւ Փաշինեան։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարութեան մը միջոցաւ խստօրէն դատապարտեց «ռազմական սադրանքների դիմելու ադրբեջանական գործողութիւնները», կոչ ընելով՝ զերծ մնալու իրավիճակը ապակայունացնող քայլերէ եւ վերադառնալու բանակցութիւններուն»:
«Գերատեսչութիւնը եւս մէկ անգամ վերահաստատում է հայկական կողմի նախորդիւ հնչեցրած առաջարկները` իրականացնելու սահմանային անվտանգութեան բարձրացմանն ուղղուած յուսալի միջոցառումներ», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, թէ, հակառակ անոր որ Հայաստանի իրաւասու մարմինները արձագանգեցին 12 Փետրուարին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուած նկարներուն եւ տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց, իբր թէ Կապանի հատուածին մէջ Հայաստանի դիրքապահները ատրպէյճանցի զինուոր մը վիրաւորած են, հաստատելով, որ դէպքին առիթով հետաքննութիւն կը կատարուի, ատրպէյճանական կողմը յաջորդ առաւօտեան արդէն դիմեց յարձակումի։ «Սա ի ցոյց է դնում, որ սահմանային էսկալացիաներ ծաւալելու համար Ադրբեջանը փնտռում է պատրուակներ», կ՛ըսուի նոյն յայտարարութեան մէջ՝ աւելցնելով. «Ուժի կիրառման այս գործողութիւններին նախորդել էին Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերի տեղեկատուական-քարոզչական նախապատրաստական աշխատանքները: Ադրբեջանական ղեկավարութիւնը շարունակաբար փորձ է անում վիժեցնել Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ եւ անվտանգութեամբ շահագրգիռ դերակատարների ջանքերը` վերսկսելու Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւնները»։
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՄԻՋԱԴԷՊԻՆ
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին ցաւակցութիւն յայտնեց Ներքին Հանդի մէջ ատրպէյճանցիներուն արձակած կրակոցներէն զոհուած զինուորներուն ընտանիքներուն:
«Ցաւակցութիւն կը յայտնենք Սիւնիքի մարզի սահմանային գօտիին մէջ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն», ըստ «Արմէնփրէս»ի, կ՛ըսուի ցաւակցական ուղերձին մէջ, որ հայերէնով ու անգլերէնով հրապարակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։
Քրեմլինը զսպուածութեան կոչ ուղղեց Երեւանին եւ Պաքուին։ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին: «Շփման գիծէն ստացուող լուրերը, անշուշտ, մտահոգիչ են, երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ ամէն ձեւով խուսափելու այլ գործողութիւններէ, զորս միւս կողմը կրնայ սադրիչ համարել: Շատ ուշադիր կը հետեւինք», ըսաւ Փեսքով: