Ուքրանիոյ, Իսրայէլին եւ Թայուանին 95.3 միլիառ տոլար օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ բանաձեւը Երեքշաբթի օր բաւարար քուէներ ստացաւ Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուելու համար:
Օրէնքի նախագիծի ծիրին մէջ, Ուքրանիա առաւել քան 60 միլիառ տոլար պիտի ստանայ: Իսրայէլ պիտի ստանայ 14 միլիառ տոլար, իսկ Կազայի համար պիտի յատկացուի 9 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն: Բանաձեւին թեր քուէարկեցին 70 ծերակուտականներ, ներառեալ՝ 22 հանրապետականներ, իսկ դէմ` 29 ծերակուտականներ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը կ՛ըսէ, թէ Իսրայէլի վերաբերեալ իր քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն չկայ: Նշենք, որ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, թէ Ուաշինկթըն վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Իսրայէլին զէնքեր փոխանցելու գործողութիւնները, նկատի ունենալով Կազայի վրայ իսրայէլեան չափազանց վայրագ յարձակումները:
Այժմ Ծերակոյտին վաւերացուցած բանաձեւը ուղարկուած է հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Ներկայացուցիչներու տուն, ուր ծայրայեղական հանրապետականները, հետեւելով նախորդ նախագահ Թրամփի ցուցմունքներուն՝ կ՛ընդդիմանան անոր:
Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճանսըն յայտնեց, որ Ծերակոյտին վաւերացուցած բանաձեւը մերժելուն պատճառը ապօրինի գաղթականներու ներհոսքը կանխարգիլելու համար, Մեքսիքայի հետ իր երկրին սահմանին վրայ որդեգրուած քայլերը խստացնելու՝ հանրապետականներու պահանջներուն անտեսումն է:
Յատկանշական է, որ շաբաթ մը առաջ Ծերակոյտին ծայրայեղական հանրապետականները, դարձեալ անսալով Թրամփի պահանջներուն, մերժած էին Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլին օժանդակելու նման բանաձեւ մը, որուն մէջ կային ներգաղթի տագնապը զսպելու նպատակով կէտեր, զանոնք բաւարար խիստ չնկատելով։