Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախաձեռնութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, Ուրբաթ, 19 Յունուարին «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի եռահատորին շնորհահանդէսը:
«Ազդակ»ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան: Ան դիտել տուաւ, որ գրողի մը առաքելութիւնը իր ներաշխարհի, միջավայրի, ժամանակաշրջանի ու շրջապատի հարազատ արտայայտութիւնն է, որոնց ազդեցութիւնը կարելի է շօշափել անոր տողերուն տակ, ուր կ՛անմահանան բարեկամի մը գաղափարը, միջավայրի բնութեան առթած ազդեցութիւնը կամ ժամանակակից հարցերով տագնապը հոգիի:
Ապա Ահարոն Շխրտըմեան կարդաց Նորվան արք. Զաքարեանի մեկնաբանութիւնը` «Քաղաքներու Կախարդանքը»ին մասին: Սրբազանը նկատել կու տայ, որ բովանդակութեամբ բազմազան են Մարզպետ Մարկոսեանի մշակած հրապարակագրութեան, հասարակական, գրական, քաղաքական, կրօնական, ջատագովական, պատմական եւ այլ մարզերու նիւթերը, եւ այս բոլորը գեղեցիկ հայերէնով եւ հռետորական բարձր թռիչքով՝ աւելցնելով, որ բազմաճիւղ իր գրութիւնները կը ձգտին հասարակ յայտարարի, որ կապուած է հայութեան արմատին:
Օրուան բանախօսը՝ Կարօ Յովհաննէսեան, յայտնեց, որ Մարզպետ Մարկոսեանի հատորները կը մէկտեղեն անոր առաւել քան 65 տարիներու հրապարակագրական, գրականագիտական, տպաւորութենական ամբողջ վաստակը` անկախ իր թարգմանական գործերէն եւ գիտական-բժշկական օտարալեզու բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէն`աւելցնելով, որ եռահատորի գրութիւնները կը հանդիսանան վկայութիւնը ժամանակի մը ապրումներուն եւ մտասեւեռումներուն` մարդոց, որոնք առաւելաբար ապրեցան Պէյրութի, Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ան ըսաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեան հեղինակ է գիտական-բժշկական հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու, կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ, նաեւ եղած է կրթական պատասխանատու գործիչ եւ մանկավարժ՝ աւելցնելով, որ ան վսեմ, խոր եւ ազնիւ, վեհագոյն մտաւորականն էր, որ ներկայացուց իր ժողովուրդին խիղճը, գրեց այն, ինչը մտածեց, ինչին էովին հաւատաց, եւ որուն համոզուած էր: Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Մարկոսեան ունեցաւ հանրային պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութիւն, առանց որուն` արհամարհած կ՛ըլլար մեր հաւաքականութիւնը, իր պաշտելի ժողովուրդը: Ան կ՛ակնկալէր, որ ամէն համալսարանաւարտ, խմբագիր, մտաւորական կամ ուսուցիչ իր ամբողջ իմացականութիւնը ի սպաս դնէ իր ժողովուրդի յառաջդիմութեան ու զարգացման, ինչպէս որ ինք ըրաւ: Մարկոսեան եղաւ Լոս Անճելըսի Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնը` 1997-2001, եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն վերաքննեց դպրոցին կրթական ամբողջական ծրագիրը` անոր մէջ ներառելով հայեցի դաստիարակութիւն: Ան հետամուտ եղաւ հայ պատանութեան դաստիարակութեան եւ հայակերտումին ու բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերեց կարգապահութեան նկատմամբ: Շարունակելով իր խօսքը, Յովհաննէսեան շեշտեց, որ Մարկոսեան երբեք չձուլուեցաւ Ամերիկայի հնոցին մէջ եւ միշտ ալ աշխատեցաւ, որ այնտեղ ապրող հայերը չիյնան ազգակործան հալոցին մէջ` իր ամբողջ հրապարակագրութեան, թարգմանութիւններուն, տնօրէնութեան եւ բոլոր գործերուն էութիւնը խտացնելով ազգային գաղափարախօսութեան բանաձեւին մէջ:

«Մարզպետը ո՛չ հրամանատար եղաւ եւ ոչ ալ բարձրագոյն աստիճանի կղերական, բայց եղաւ Մարզպետ Մարկոսեան, որ կախարդուեցաւ քաղաքներէն եւ այդ կախարդանքով կախարդեց մեզ», եզրափակեց Յովհաննէսեան:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադմիոյ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան, որ դիտել տուաւ, թէ հատորին յառաջաբանը շատ հետաքրքրական է եւ իր մէջ կը պարունակէ յօդուածաշարին հիմնական իմաստը՝ աւելցնելով, որ յօդուածներուն մէջ կայ հետաքրքրական մօտեցում մը` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, եւ որ` հեղինակին համար հաւասարապէս մեր լեզուի երկու ճիւղերը հոգեհարազատ են եւ մէկ լեզուի երկու ճիւղերն են: Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան համաձայն չգտնուեցաւ այն մօտեցումին, թէ Հայաստանի պետական լեզուն արեւելահայերէնն է՝ բացատրելով, որ այս հարցով բաւական սուր քննարկումներ տեղի ունեցած են Ազգային ժողովին մէջ 1990ականներու վերջաւորութեան եւ 2000ի սկիզբը, ուր ինք շեշտած էր, թէ պետական լեզուն հայերէնն է, որ կը ներառէ գրաբարը, արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը:
Անդրադառնալով հեղինակին ապրած ամբողջ ուղիին՝ ան յայտնեց, որ ինք կը տեսնէ լիբանանահայու կերպարը` իր հայեցի նկարագիրով, որ Լիբանանէն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ` իրեն հետ տանելով լիբանանահայու շունչը, հիմնական մտահոգութիւններ ունենալով հայապահպանում, հայոց լեզու, հայկական դպրոց:
Դոկտ. Մելքոնեան ըսաւ, որ երկրորդ նիւթին մէջ կ՛արտացոլայ Մարկոսեանի` Հայ Դատի զինուոր ըլլալու եղելութիւնը եւ մէջբերում կատարեց հատորէն ու շեշտեց, որ թուրքը կը մնայ նոյնը եւ բնաւ չի փոխուիր:
Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ծանօթ էր Մարզպետ Մարկոսեանին 90ականներու յօդուածներուն ընդմէջէն. երբ կը կազմաւորուէր անկախ պետականութիւնը, մամլոյ մէջ բանավէճեր տեղի կ՛ունենային Սփիւռք-Հայաստան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին, երբ Մարկոսեան ուժգնօրէն կը պաշտպանէր այն դիրքը, որ Սփիւռքը Հայաստանի համար է, սակայն Հայաստանը պէտք է հասկնայ, թէ ի՛նչ է մեր ազգային իտէալը, ի՛նչ էր սփիւռքի երազը, որ տեսլականի վերածած էր` որպէս իր ճակատագիրը: Դոկտ. Տէր Ղուկասեան Մարկոսեանը համարեց ներկայացուցիչը սփիւռքի շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը, որ կը կոչուի երրորդ սերունդ, եւ որ` սփիւռքը քաղաքականացուց, անոր տուաւ նպատակ մը եւ ուղղութիւն մը վերապրելէն յետոյ իր իմաստը գործի վերածելու` քաղաքական մտածողութեան ամրապնդումէն ետք:
Աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց հեղինակին քոյրը` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեանը մօտէն ճանցողները հիացում ունէին անոր հանդէպ, որ սուզուեցաւ իր գիրքերու աշխարհին մէջ, ապրեցաւ իր ժողովուրդի դժբախտութիւններուն հետ, սակայն փորձեց ելքեր գտնել հայ հոգիին համար` պատասխանատուութեան զգացումէն թելադրուած, իր բաժինը բերելով մեր կեանքի դժբախտութիւններուն, լուծումներ առաջարկելով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բոլոր ելոյթ ունեցողներուն` հաստատելով, որ Մարզպետ Մարկոսեանի հոգին թեւեր առած` հրճուանքով կը թեւածէր սրահին մէջ, դիտել տալով, որ խորքին մէջ ան երբե՛ք չհեռացաւ, չբաժնուեցաւ այս քաղաքէն եւ Ամերիկայի կախարդող երկնաքերերուն եւ պսպղուն քաղաքներուն մէջ փնտռեց իր համեստ տուներով, անպաճոյճ եւ նեղլիկ փողոցներով, սակայն ջերմ ու հարազատ եւ մտերմիկ մթնոլորտով Պուրճ Համուտը եւ Լիբանանը, որոնցմէ երբեք չբաժնուեցաւ:
Սեդա Խտըշեան ողջունեց ներկայութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով Լիբանան ժամանած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին մասնակցողներէն` փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանին, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանին, դոկտ. Արմէն Մարուքեանին, դոկտ. Վահրամ Բալայեանին, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին, դոկտ. Վիգէն Չթըրեանին, դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին, դոկտ. Հրայր Պալեանին եւ Տիգրան Եկաւեանին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ երեք հատորներուն գինեձօնի արարողութիւնը:
