15 Փետրուարի կառավարութեան նիստին սկիզբը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի ռազմական հարկադրանքի քաղաքականութիւնը չէ փոխուած:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ տակաւին մէկուկէս ամիս առաջ, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը շատ մօտիկ համարող Հայաստանի իշխանութիւնը 14 Փետրուարին չբացառեց, որ Ատրպէյճան նաեւ Հայաստանի դէմ պատերազմի սկսի:
«Ադրբեջանը շարունակում է վարել՝ «այն, ինչ ուզում եմ, տուէք ինձ բանակցային եղանակով, հակառակ դէպքում, ես դա կը վերցնեմ պատերազմով» քաղաքականութիւնը», յայտնեց Փաշինեան:
Չորս հայ դիրքապահներու կեանքը խլած սահմանային միջադէպէն ետք ունեցած առաջին հրապարակային ելոյթին մէջ, Փաշինեան ըսաւ, որ Ատրպէյճան կը խօսի 4 գիւղերու տարածքներու մասին, նոյն ժամանակ կը հրաժարի ընդունիլ, որ Ատրպէյճանի բռնագրաւման տակ կը գտնուին Հայաստանի 31 ոչ-միջերկրային գիւղերու տարածքներ:
«Մենք ասում ենք՝ որպէսզի զօրքերն իրենց այսօրուայ դիրքերից ետ գնան, դրա համար անհրաժեշտ է քարտէզի եւ գետնի վրայ վերարտադրել Հայաստան-Ադրբեջան սահմանը եւ երկու երկրի զօրքերը ետ քաշել այդ սահմանի գծի նկատմամբ: Սահմանի վերարտադրութիւնից յետոյ, եթէ պարզուի, որ այդ գծից առաջ զօրքեր կան, երկուստեք պէտք է ետ քաշուեն: Պաշտօնական Բաքուն փորձում է այս իրադրութիւնը ձեւակերպել այնպէս, որ ադրբեջանական զօրքերը Հայաստանի 31 գիւղերի տարածքներից որեւէ կերպ յետ չգնան», յայտնեց Փաշինեան:
Ան նաեւ նոր մանրամասնութիւններ տուաւ բանակցութիւններէն՝ պնդելով, թէ Ատրպէյճան պարբերաբար կը փորձէ երթալ տեղայնացման՝ մարզ առ մարզ սահմանազատման ուղիով:
Փաշինեան նշեց, որ Երեւան ասոր ալ պատրաստ է, բայց ինք տպաւորութիւն ունի, որ հիմա Պաքու անկէ ալ կ՛ուզէ հրաժարիլ:
«Սրա համար կարող է լինել մէկ պատճառ, օրինակ, ռազմական գործողութիւններ սկսելը սահմանի որոշ հատուածներում՝ հետագայում ռազմական էսկալացիան (մագլցումը) Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ լայնածաւալ պատերազմի վերածելու հեռանկարով: Այս մտադրութիւնն ընթերցւում է պաշտօնական Բաքուից հնչող բոլոր յայտարարութիւններում ու գործողութիւններում», ըսաւ Փաշինեան:
Թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ի՞նչպէս կը պատրաստուի կանխել այս զարգացումները, Փաշինեան ըսաւ՝ «բանակցութիւններով, որտեղ կը պաշտպանուեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»:
«Պաշտօնական Բաքուից վերջին օրերին հնչող մի շարք յայտարարութիւնները, Հայաստանի օրէնսդրական դաշտի մասին, մեր երկրի ինքնիշխանութեան խախտում են եւ միջամտութիւն մեր երկրի ներքին գործերին», ըսաւ Փաշինեան:
Ի տարբերութիւն Ալիեւի 14 Փետրուարի յայտարարութիւններուն, թէ իրենք միջնորդներու կարիք չունին, եւ թէ կարգաւորման գործընթացն ալ պէտք է դուրս գայ միջազգային օրակարգէն՝ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան եւ պայմանաւորուած սկզբունքներով համաձայնագիր ստորագրելու, սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու՝ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը:
Վարչապետին ելոյթէն ժամեր ետք, Պաքու կոշտ կերպով արձագանգեց՝ յայտարարելով, որ Փաշինեան միտումնաւոր կերպով կը սրէ իրավիճակը: