
Այսու կը յայտնենք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ թեմիս ժրաջան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան առողջական պատճառով եւ բժիշկներու յանձնարարութեամբ, անմիջական հանգիստի կարիքը ունենալուն համար, այս հանգրուանին հարկադրաբար կը հեռանայ վարչական պարտականութիւններէ՝ ապաքինման ժամանակահատուած մը բոլորելու:
Առաջնորդ սրբազանի ապաքինման շրջանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան պիտի ըլլայ առաջնորդ սրբազանին ներկայացուցիչ եւ առաջնորդական գործակատար:
ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎ
16 Փետրուար 2024