
Արամ Ա. կաթողիկոսը հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանը եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, Հինգշաբթի, 15 Փետրուարի երեկոյեան։
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ)։
Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄական Կալի Աւագեան, որ ընդգծեց արուեստի եւ մշակոյթի կարեւորութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման մէջ եւ վեր առաւ երկու արուեստագէտներուն վաստակը եւ գործունէութիւնը, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով եզակի ներդրում ունեցած են եւ ունին հայ ու միջազգային կեանքին մէջ։
Առ այդ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկաները վայելեցին Թետեսքովի «Աւազաթմբերի Միջոցով» կտորը՝ Ներսէս Չուլճեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» բանաստեղծութիւնը՝ Հրակ Մամիկոնեանի մեկնաբանութեամբ, Առնօ Պապաճանեանի «Էլեգիա»ն՝ Մարք Կիւլկիւլեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Հովուի Երգը» եւ Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր Մը Երկինք» հատուածները՝ Ծաւի եւ Սալբի Թորիկեաններու ջութակի ու դաշնամուրի նուագակցութեամբ։
Արուեստագէտներ Վարդան Աւեսեանի եւ Մկրտիչ Միքայէլեանի հարուստ կենսագրականները ներկայացուցին Թամար Սնապեան-Սուրճեան եւ դոկտ. Էտի Թորիկեան։


Ապա, ընթերցուեցան արուեստագէտներուն պարգեւատրման Հայրապետական սրբատառ Կոնդակները՝ Օշին վրդ. Չուալերթանեանի եւ Գէորգ Գարակէօզեանի կողմէ, որմէ ետք Արամ Ա. կաթողիկոսը Աւեսեանի եւ Միքայէլեանի կուրծքերը զարդարեց հայ եկեղեցւոյ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ առ ի գնահատանք անոնց վաստակին ու ազգային առաքելութեան։
Հուսկ, կաթողիկոսը ներկաներուն ուղղեց իր օրհնութեան փակման խօսքը։ Ողջունելէ ետք երեկոն կազմակերպող միութեան անդամները, բանախօսները, գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցած երիտասարդ արուեստագէտները, շքանշանակիրները, անոնց ընտանեկան պարագաները եւ ներկաները՝ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ մշակոյթին՝ ազգի մը լինելիութեան արտայայտութիւն ըլլալը, ի շարս այլ յատկութիւններու, որ կ՛ապահովէ ազգին ինքնահասկացողութիւնը եւ ինքնաճանաչումը։ Ան նշեց, որ մշակոյթը ո՛չ թէ պէտք է լոկ պահենք եւ պահպանենք, այլ մեզի կ՛իյնայ զայն զարգացնելու պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը, որովհետեւ միայն պահելու ու պահպանելու պարագային, ազգը կը դատապարտուի ճահճացումի։ Կաթողիկոսը շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ, որ արուեստագէտը առաքեալ մըն է իր մարզին մէջ, որ ազգերու միջեւ երկխօսութիւն կը ստեղծէ, երկինքը եւ երկիրը իրարու կը բանայ ու երկնային արժէքները երկրաւոր մեր կեանքին մէջ կը թարգմանէ։ Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը հակիրճ վկայութիւններ տուաւ երկու արուեստագէտներուն մասին եւ մաղթեց, որ անոնց արուեստը եւ աշխատանքը, իրենց աշխատելաոճին ու կորովին ընդմէջէն, վարակիչ ըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին։
