Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր:
Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Շարլ Միշէլ՝ հաստատելով. « Եւրոպական Միութեան օրակարգին վրայ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան հաստատումը եւ բարգաւաճումը առաջնային են»։