Ատրպէյճանի մէջ հետզհետէ կը բարձրանան Եւրոպայի մէջ աւանդական ուժերու դաշինքին ճշդած չափաբաժինները վերատեսութեան ենթարկելու կոչերը։ Այլապէս, կը պնդեն այդ կողմերը, Ատրպէյճան պէտք է քաշուի այդ համաձայնութենէն։
Այդ պահանջները աւելի ճնշիչ եղան, երբ Ռուսիա վերջերս յայտարարեց, թէ կ՚առկախէ իր մասնակցութիւնը վերոնշեալ համաձայնագիրին, որ սահմանափակումներ կը դնէ եւրոպական երկիրներուն՝ իրենց սահմաններուն մէջ ունեցած զինամթերքին քանակին վրայ։
Այդ կոչերը կը զուգադիպին Ատրպէյճանի զինուորական ամավարկին մէջ նկատուած մեծ յաւելումին, որ կը մտահոգէ կարգ մը դէտեր, որոնք նկատել կու տան, թէ այդ մէկը կը բարձրացնէ հաւանականութիւնը 1991-1994 պատերազմէն ետք հայկական հակակշիռին տակ մնացած Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերսկսման։
«ՆԱԹՕ մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զանգուածային զինման երեւոյթով», նշեց ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի Անդրկովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Ռապըրթ Սիմընզ, Ատրպէյճան տուած իր այցելութենէն ետք, Մարտին։ «Ատրպէյճանն ու Հայաստանը անցած են Եւրոպայի մէջ աւանդական ուժերու դաշինքին ճշդած զինամթերքի քանակին սահմանները», դիտել տուաւ ան։
Ատրպէյճանի մէջ ինքնին Եւրոպայի մէջ աւանդական ուժերու դաշինքին փլուզման հաւանականութիւնը լայնօրէն ողջունելի է։ «Այդպիսի քայլ մը դրական կ՚ըլլայ Ատրպէյճանին համար. նկատի առած, որ մենք մտադիր ենք զարկ տալու մեր զինուորական կարողականութեան, Ռուսիոյ քաշուիլը աւելի լայն ազատութիւն կու տայ մեզի», նշեց քաղաքագէտ Էլկար Մամէտով։ «Այժմ կարեւոր է մեր իշխանութիւններուն համար զիջումներ չկատարել այն ուժերուն, որոնք պիտի փորձեն մեզ կապուած պահել դաշինքին սահմաններուն», աւելցուց ան։
Ատրպէյճանի մէջ շատեր դժգոհ են Պաքուի համար դաշինքին ճշդած չափաբաժիններով, դիտել տալով, որ այդ մէկը խտրականութիւն մըն է անոր աւելի փոքր դրացի եւ թշնամի Հայաստանին հետ բաղդատաբար։
Ատրպէյճանի զինուորական ամավարկին նկատառելի յաւելումը կարելի դարձած է երկրին քարիւղի նոր հսկայ եկամուտներուն շնորհիւ։ 2007ի ընդհանուր պաշտպանութեան ամավարկը շուրջ մէկ միլիառ տոլար է։ Զինուորական ծախսերը աւելցած են 27.9 տոկոսով՝ բաղդատած անցեալ տարուան եւ այժմ կը կազմեն ամբողջ պետութեան ամավարկին տասնվեց տոկոսը։
Ընդհանուր գումարէն եօթը հարիւր իննիսունվեց միլիոն մանաթը պիտի տրամադրուի պաշտպանութեան նախարարութեան, եւ հարիւր տասը միլիոն մանաթը՝ վերջերս կազմուած պաշտպանութեան ճարտարարուեստի նախարարութեան։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռատեսիլային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ իր երկրին պաշտպանութեան ամավարկը ներկայիս ութ անգամ աւելի բարձր է, քան՝ չորս տարի առաջ, եւ զինուորական ծախսերը թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն են։ «Այդպէս է, որովհետեւ մենք կը գտնուինք պատերազմական վիճակի մը մէջ, եւ մեր հողերը գրաւուած են», դիտել տուաւ ան։ «Պատերազմը տակաւին չէ աւարտած։ Զինադադարի մէջ ենք պարզապէս», աւելցուց նախագահը։
Ան նշեց, թէ Ատրպէյճանի զինուորական ամավարկը այժմ հաւասար է Հայաստանի ամբողջ պետական ամավարկին եւ տակաւին աւելնալու ընթացքին մէջն է։
Վերջին շաբաթներուն ղարաբաղեան տագնապին լուծման մէջ անցեալ ամսուան իրենց բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջխաղացք չկարենալ արձանագրելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն վերջին ձախողութենէն ետք, Ատրպէյճանի ղեկավարները աւելի յարձակողական դարձած են իրենց կեցուածքներուն մէջ եւ աւելի բաց ձեւով կը խօսին Հայաստանի դէմ պատերազմը վերսկսելուն մասին։
«Զինուորական առումով Ատրպէյճան շրջանի ամէնէն զօրաւոր երկիրն է», նշեց նախագահ Ալիեւ 2 Յուլիսին Ատրպէյճանի Ոստիկանութեան ակադեմիային մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին։ «Հայաստան պէտք է հասկնայ այդ մէկը եւ իր ուժերը կամաւորաբար քաշէ այն հողերէն, որոնք իրեն չեն պատկանիր։ Այդ պարագային պատերազմ տեղի չ՚ունենար», աւելցուց ան։
«Ոչ ոք կ՚ուզէ կորուստ տալ, բայց մենք ուժ կը կուտակենք եւ որեւէ պահու պատրաստ ենք որեւէ գործողութիւն կատարելու։ Ատրպէյճան երբեք համաձայն պիտի չըլլայ ներկայի իրավիճակին պահպանումին», դիտել տուաւ Ալիեւ։
2004ին կատարուած վիճակագրութեան մը համաձայն, եօթանասունութ հազար բանակայիններ եւ չորս հազար քաղաքայիններ կը ծառայեն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն մէջ։
Ատրպէյճան նոր զէնքեր եւ սարքեր կը գնէ, ներառեալ՝ տասներկու հեռահաս հրթիռներ արձակող համակարգեր, նոր թնդանօթներ, հակահրասայլային զէնքեր, «Թի-72» տիպի հրասայլեր եւ «Միկ 29» տիպի պատերազմական օդանաւեր։
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի մէջ աւանդական ուժերու դաշինքին խափանման, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Խազար Իպրահիմ նշեց, թէ Հայաստան իրաւունք չունի զինեալ ուժեր պահելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
«Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ գոյութիւն ունին զինեալ ուժեր, որոնք շրջանցած են թէ՛ տարածքային եւ թէ ազգային սահմաններ, եւ անոնք կը պատկանին Հայաստանին», դիտել տուաւ ան։ «Անոնք անցած են թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի սահմանները։ Իրականութեան մէջ Հայաստան յաջողած է ծածկել իր զինեալ ուժերուն այն զինամթերքն ու սարքերը, որոնք արտօնուած չեն դաշինքին համաձայն։ Անոնք կ՚ենթադրեն հրասայլեր, թնդանօթներ եւ ուղղաթիռներ։ Հո՛ն պէտք է ուղղուին լուսարձակները», աւելցուց ան։
Դաշինքին պայմաններուն Ատրպէյճանի կողմէ կարծեցեալ խախտումներու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Իպրահիմ նշեց, թէ դաշինքը կ՚արտօնէ հին զէնքերուն եւ սարքերուն վաճառքն ու անոնց փոխարէն նորերու գնումը։ «Բնականաբար Ատրպէյճան նոր զէնքեր կը գնէ իր զինեալ ուժերը համապատասխանեցնելու համար արդի չափանիշներուն», բացատրեց ան՝ աւելցնելով, որ՝ «ոչ միայն Ատրպէյճան, այլեւ մեծ թիւով ուրիշ երկիրներ եւս անցած են իրենց սահմանները հին զէնքերը նորերով փոխարինելու ընթացքին։ Պէտք չէ պէտք եղածէն աւելի լրջութեամբ առնել պատահածը»։
Մտահոգութիւններ կան թէ՛ ՆԱԹՕի մէջ, որ Ատրպէյճանի հետ Անհատական գործակցութեան գործունէութեան ծրագիր մը կը կիրարկէ՝ պնդելով աւելի թափանցիկ պաշտպանութեան նախարարութիւն մը ունենալու մասին, եւ թէ՝ Ատրպէյճանի ներքին բեմերուն վրայ, ինչ կը վերաբերի բանակին ամավարկին անյստակութեան՝ տրուած ըլլալով, որ երբեք յստակ չէ, թէ նոր եկամուտներուն այդ մեծ հոսքը ո՞ւր կը ծախսուի։
Զինուորական մասնագէտ եւ բանակի պահեստի գնդապետ Իլտիր Մամէտով նշեց, թէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը կ’ուռճանան, եւ թէ չափազանց մեծ գումարներ կը ծախսուին զէնքերու գնման՝ համար փոխանակ տրամադրուելու զինուորներուն ընկերային կարիքներուն։ Ըստ անոր, ամավարկը փտածութեան պայմաններ կը ստեղծէ։
«Պահեստի բանակայիններ» հանրային կազմակերպութեան նախագահ Եաշար Ճաֆարլի դիտել տուաւ, որ ընդհանրապէս երկիրներու մէջ կէս առ կէս բաժանում գոյութիւն ունի զէնքի գնումներուն եւ աշխատավարձերու եւ ընկերային պէտքերու տրամադրուած ծախսերու միջեւ։ Սակայն Ատրպէյճանի պարագային այդ համեմատութիւնը 60-40 է՝ ի նպաստ զէնքի գնման։
Բանակին պահեստին փոխգնդապետ Իւզէյիր Ճաֆարով նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց, թէ զինուորներուն կեանքի պայմանները չեն բարելաւուիր։
Ատրպէյճանցի գնդապետի մը ամսական աշխատավարձը 250-300 տոլար է, մինչ հազարապետ մը կը ստանայ այդ գումարին աւելի քան կրկնապատիկը։ Սակայն պարզ զինուորներն ու տասնապետները ամսական միայն հինգէն տասնհինգ տոլար կը ստանան։
Ճաֆարով դիտել տուաւ, որ պաշտպանութեան նախարարը տակաւին բանակային անձնակազմին հարիւր միլիոն տոլար յետնեալ պարտք ունի, այլ խօսքով՝ երեք հարիւրէն եօթը հարիւր՝ իւրաքանչիւր անձի։
«Երեւակայեցէք միայն, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի յարգեր (Պաքուի) միայն Սապայիլ թաղամասի դատարանի աւելի քան երկու հարիւր վճիռներ», նշեց Ճաֆարով։ «Այդ մէկուն ենթադրեալ բացատրութիւնը այն է, թէ ելեւմուտքի նախարարը պաշտպանութեան նախարարութեան չի կատարեր պէտք եղած յատկացումներ՝ կարենալ կատարելու համար այդ վճարումները», աւելցուց ան։
«Առաւել, անցեալ տարուան Յունուարին նախագահը ստորագրեց հրամանագիր մը՝ բանակայիններուն սնունդի օրաբաժինները աւելցնելու վերաբերեալ, սակայն այդ մէկը տակաւին չի կիրարկուիր։ Իւրաքանչիւր պաշտօնեայ կը ստանայ օրական շուրջ երեսուն տոլար ինքզինք կերակրելու համար։ Ուրեմն ի՞նչ է իմաստը զինուորական ամավարկի յաւելումին», հարց տուաւ ան։
«Ինսթիթիութ Ֆոր
Ուոր Էնտ Փիս»
19 Յուլիս