Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երկկողմ բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մամուլին յայտարարեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը։
«Ֆրանսա իր համաձայնութիւնը տուած է պաշտպանական սպառազինութեան առաքման գծով, եւ Ֆրանսա պիտի շարունակէ այդ ոլորտին մէջ պատասխանատուութեան ոգիով՝ չուզելով որեւէ մագլցում», յայտարարեց Մաքրոն:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութեան՝ ան յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է օգտուի խաղաղութեան եւրոպական գործիքներէն: «Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւնը կը փափաքին ունենալ նոր գործընկերութեան ժամանակացոյց մը: Բառերէն անդին անցնելով՝ Ֆրանսա Հայաստանի կողքին է, որովհետեւ արդարութիւնը, արդարադատութիւնը, ազատութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը մեզի համար կարեւոր են», ըսաւ Մաքրոն։
Ան վստահեցուց, որ Հայաստան կրնայ ապաւինել Ֆրանսայի աջակցութեան՝ իր անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ընթացքին եւ խաղաղութեան ձգտումներուն գծով:
«Պէտք է Ատրպէյճան փարատէ երկիմաստութիւնը, բարեխիղճ աշխատանք կատարուի սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով, ինչ որ հիմք պիտի ծառայէ սահմանէն ուժերու երկուստեք հեռացման համար», նշեց Մաքրոն, որ Պաքուէն պահանջեց նաեւ երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն` իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը` «արագ, անարգել եւ ապահով»:
«Պէտք է հաղորդակցական ուղիները եւս ըլլան համարկման գործօններ եւ ոչ թէ պառակտման: Ես կը փափաքիմ, որ Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ հաղորդակցական կապերը զարգանան, եւ կ՛ողջունեմ այս ընդհանուր յաւակնութեան մէջ ձեր` «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ներդրումը», աւելցուց ան:
Իսկ Փաշինեան, անդրադառնալով Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն վերաբերող քննադատութիւններուն՝ յայտարարեց, որ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու զարգացումը ոչ ոքի մօտ կրնայ անհանգստութիւն յառաջացնել: «Մեր միակ խնդիրը տարածաշրջանում ճիշդ բալանս (հաւասարակշռութիւն) ձեւաւորելն է ու միայն ՀՀ լեգիտիմ (օրինական), ինքնիշխան, միջազգային հանրութեան կողմից ճանաչուած սահմանները, տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը պաշտպանելն է եւ մեր երկրի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելն է», ըսաւ Փաշինեան։
Ան անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն՝ ընդգծելով Ֆրանսայի աջակցութիւնը այդ ուղղութեամբ: «Եւրամիութիւնը մեր երկրի ժողովրդավարական բարեփոխումներում ու ինստիտուցիոնալ (կառուցային) կարողութիւնների զարգացման համար ունի առանցքային նշանակութիւն», ընդգծեց Փաշինեան: