Հինգշաբթի, 19 Յուլիս կէսօրին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան եւ ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Նկատի ունենալով, որ հիւր սրբազան հայրը իր առաջին այցելութիւնը կու տար Ազգ. առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքը, առաջնորդ սրբազանը անոր տեղեկութիւններ տուաւ տարբեր բաժանմունքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Կորիւն սրբազան ողջունեց Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքի ծրագիրին ամբողջացումը եւ դրուատիքով անդրադարձաւ այս իրագործման մասին, ապա, իր կարգին, ծանօթութիւններ տուաւ Քուէյթի ու Ծոցի հայկական գաղութին ու անմիջական ծրագիրներուն մասին։
Առաջնորդ սրբազանին հրաւէրով, Կորիւն արք. Պապեան Կիրակի, 22 Յուլիսին Ս. Պատարագ մատուցանեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։