Պիելոռուսը ամենայն հանգստութեամբ կ՛արձագանգէ ՀԱՊԿի անդամակցութեան վերաբերեալ՝ հայկական կողմի յայտարարութիւններուն: ՊԵԼԹԱի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու ըսաւ Պիելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:
«Եթէ անոնք չեն ուզեր ՀԱՊԿի մէջ ըլլալ, անիկա փուլ պիտի չգայ, պիտի չքանդուի», ըսաւ ան՝ աւելցնելով սակայն, որ այս գծով Երեւանէն պաշտօնական դիմումներ տակաւին չեն եղած:
Լուքաշենքօ հայկական կողմին խորհուրդ տուաւ՝ չշտապել եւ կտրուկ քայլեր չառնել` աւելցնելով. «Դուրս գալը շատ դիւրին է, իսկ դարձեալ մտնելը դժուար պիտի ըլլայ: Պէտք չէ դուրս գալ, կարիք չկայ բան մը սառեցնելու»:
Յիշեցնենք, որ նախորդ օրերուն՝ պատասխանելով ՀԱՊԿէն հեռանալու մասին հարցումի մը` Փաշինեան ըսած էր, թէ Հայաստան, ըստ էութեան, սառեցուցած է ռազմական այդ դաշինքին իր անդամակցութիւնը:
Փաշինեանի յայտարարութեան արձագանգեց նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ Մոսկուա բացատրութիւններ կ՛ակնկալէ։
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը ընդգծեց նաեւ, որ՝ «եթէ պիտի մեկնինք համապատասխան փաստաթուղթերէ, ՀԱՊԿի մէջ տէ ժիւրէ (իրաւականօրէն՝ սառեցուած անդամութեան) նման դրութիւն պարզապէս գոյութիւն չունի»: