28 Փետրուարին, խորհրդարանի ամպիոնէն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չբացառեց, որ Հայաստան կրնայ նաեւ իրաւաբանօրէն սառեցնել ՀԱՊԿին անդամակցութիւնը: «Մենք հարց ենք տուել` ո՞րն է ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտին Հայաստանի Հանրապետութիւնում, եւ մինչեւ այսօր պատասխան չենք ստացել, ինչը սպառնալիքներ է ստեղծում», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «ՀԱՊԿը փոխանակ կատարելու Հայաստանի հանդէպ իր պարտաւորութիւնները, ընդհակառակը` անվտանգային խնդիրներ է առաջացնում Հայաստանի համար»:
Պնդելով, որ այս հարցի յստակացման շուրջ ռազմական կառոյցին հետ բանակցութիւնները արդիւնք չտուին նախորդ տարիներուն՝ Փաշինեան յայտարարեց. «Հիմա մենք դէ ֆակտօ (իրողապէս) ենք սառեցրել (անդամակցութիւնը), եւ եթէ էս պրոցեսը (գործընթացը) շարունակուի, դէ իւրէ (իրաւաբանօրէն) էլ պիտի սառեցնենք, ի՞նչ անենք ուրիշ: 23 թուականն էլ անցաւ, մենք պէտք է դիրքաւորուենք»:
Ըստ Փաշինեանի` Հայաստան նպատակ չունի ՀԱՊԿը ներգրաւելու ռազմական հակամարտութեան մէջ, սակայն դաշինքի անդամ երկրի մը տարածքային ամբողջականութիւնը խախտած է, «այդտեղ երեւում է այդ կազմակերպութեան լրջութիւնը»:
«Մենք չենք ասել` եկէք ռազմական խնդիր լուծէք, ասել ենք` քաղաքական եւ դիւանագիտական գնահատական տուէք եւ պատասխանէք մէկ հարցի, թէ որն է ՀՀ տարածքում ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին», նշեց Փաշինեան:
Ան Հայաստան-ՀԱՊԿ հարցերու պարունակին մէջ յայտնեց, որ Հայաստան կրնայ ընդունիլ միջնորդութիւնը այն երկիրներուն, որոնք կ՛ընդունին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ յայտնի երեք սկզբունքները՝ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում` Ալմաթիի հռչակագիրի հիման վրայ, այդ հռչակագիրը պէտք է ըլլայ սահմանագծման գործընթացի հիմք, երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է գործեն՝ երկրներու ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան փոխադարձութեան սկզբունքներով: Փաշինեան ուղղակի չըսաւ, թէ արդեօք խօսքը ռուսական կողմի՞ն կը վերաբերի։
Մոսկուա պարբերաբար կ՛առաջարկէ Երեւանին եւ Պաքուին՝ հոն հանդիպումներ իրականացնել, Ատրպէյճան առաջարկը կ՛ընդունի, հայկական կողմը` զայն կը ձգէ անպատասխան:
«Ինչո՞ւ ենք համաձայնել, որ հանդիպումը տեղի ունենայ Գերմանիայում, որովհետեւ Գերմանիան քառակողմ հանդիպման կողմ է եւ ստորագրել է երեք կարեւոր սկզբունքների տակ», ըսաւ Փաշինեան։ Ան վստահեցուց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները ինքնին այդ սկզբունքներուն շուրջ պիտի ըլլան:
«Այսինքն` Բեռլինում այլ քաղաքական բովանդակութիւն չի կարող քննարկուել, մենք նաեւ դրա համար ենք համաձայնել, որ այդ քննարկումն այնտեղ տեղի ունենայ: Եթէ որեւէ միջնորդ փորձելու է այս շրջանակից գործընթացը դուրս բերել, մեզ համար դա ընդունելի չէ: Դա նշանակում է` միջնորդել ոչ թէ խաղաղութեան, այլ խաղաղութեան ճարտարապետութեան փլուզման», նշեց ան։
Սիւնիքի Ներքին Հանդի գիւղին մէջ ռուս սահմանապահներու ներկայութեան մասին հարցումին պատասխանելով՝ Փաշինեան, որուն իշխանութեան օրով՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք անոնք հոն անցակէտ եւ յենակէտ տեղադրեցին, ըսաւ, թէ հոն գտնուելու յատուկ յանձնարարութիւն կամ համաձայնութիւն չկայ:
«Շատ իրադրութիւններ կան, որոնք Հայաստան-Ադրբեջան սահմանին գուցէ սպոնտան (ինքնաբուխ) ձեւով են ձեւաւորուել ձեզ յայտնի իրադրութիւնների բերումով: Եւ ես կարող եմ ասել, որ տուեալ դէպքում ռուս սահմանապահների ներկայութեան մանդատ ու պայմանագիր գոյութիւն չունի: Եթէ սա նշանակում է, որ ռուս սահմանապահները էնտեղ որեւէ անվտանգային գործառոյթ չեն կարող իրականացնել, ենթադրւում է, որ սրանից պէտք է արուեն նաեւ համապատասխան հետեւութիւններ», յայտնեց Փաշինեան: