Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 29 Փետրուարին, 13ի դէմ 79 քուէներով հաստատեց Պայտընի վարչակազմին կողմէ Թուրքիոյ խոստացուած 40 «Էֆ․16» ռազմական օդանաւերը ծախելու առաջարկը, հակառակ Քընթաքիէն ծերակուտական Ռենտ Փօլի եւ 12 այլ ծերակուտականներու ընդդիմութեան։
Փօլ, որ անդամ է Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, ներկայացուցած էր բանաձեւ մը, որպէսի կարելի ըլլայ կասեցնել վաճառքը։
Քննարկումին ընթացքին, ան խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ ազդարարեց, որ վաճառքը պիտի քաջալերէ անոր «վատ վարքը»: Ան իբրեւ օրինակներ նշեց Անգարայի կողմէ «Համաս»ի աջակցութիւնը, Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային իրաւունքներու խախտումները, Ռուսիայէն S-400 համակարգերու գնումը, ինչպէս նաեւ Արցախի դէմ պատերազմին ընթացքին Պաքուին աջակցիլը։
«Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ անոր յարձակումին ընթացքին, յառաջացուց մեծաթիւ զոհեր եւ աղէտալի մարդկային ճգնաժամ մը, որուն պատճառով առաւել քան 100,000 անձեր տեղահան եղան», նշեն Փօլ։
Վաճառքի աջակիցները պնդեցին, որ Ուաշինկթըն պէտք է յարգէ ՆԱԹՕի իր դաշնակիցին տուած խոստումը: