Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ հաստատեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան տարածաշրջանային խաղաղութիւնը ո՛չ Փարիզի, ո՛չ Պրիւքսէլի մէջ է, ոչ ալ ուրիշ տեղ, այլ անիկա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ է, առ այդ, անիկա պէտք է կնքուի երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք պէտք է «միաւորուին եւ յառաջ տանին խաղաղութեան օրակարգը»՝ աւելցնելով, որ փաստաթուղթը պէտք է ստորագրուի սահմանազատման գործընթացէն անկախ։
Հաճիեւ նոյն հարթակէն յայտարարեց, որ հակամարտութիւնը այլեւս անցեալ է, Պաքուի համար Ղարաբաղի հարց այլեւս գոյութիւն չունի, եւ այժմ Ատրպէյճանի օրակարգին վրայ են խաղաղութիւնը եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը: «Ղարաբաղի նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութենէն ետք, հայ բնակչութեան իրաւունքներու հարցը իւրովի լուծելէ կամ ընդհանրապէս փակելէ ետք, սակայն, հայկական կողմէ՝ Պաքուի պահանջները չեն նուազիր», ըսաւ ան:
Ըստ Հաճիեւի՝ ատրպէյճանական կողմը այժմ եւս խաղաղութեան խոչընդոտ կը նկատէ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ այլ օրէնքներու մէջ եղող կարգ մը դրոյթներ, որոնք, ըստ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու, Պաքուի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կ՛ենթադրեն: Հաճիեւ յայտարարեց, սր այդ հարցով Հայաստանէն պատասխանի կը սպասեն։
Քննարկման մասնակցող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան իսկոյն պատասխանեց: Թէեւ Պաքուի այդ դժգոհութիւններուն եւ պահանջներուն լոյսին տակ Հայաստանի իշխանութիւնը սկսաւ խօսիլ երկրի մայր օրէնքը փոխելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն Ռուբինեան պնդեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, օրէնսդրութիւնը Հայաստանի ներքին գործն է եւ որեւէ կապ չունի խաղաղութեան գործընթացին հետ:
Ռուբինեան յիշեցուց, որ պաշտօնական Երեւան, նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բերնով բազմիցս յայտարարած է, որ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Աւելին` ան պնդեց, որ տարածքային նկրտումները նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի դրոյթներով կը բացառուին։ Օրէնսդրութիւնը վերջին հարցը չէ, որմէ կը դժգոհի Ատրպէյճան, այլ այն, որ Երեւան խաղաղութեան բանակցութիւններուն զուգահեռ կը զինուի:
«Հայաստանն ընդամէնը ամրապնդում է իր պաշտպանութիւնը, քանի որ անվտանգութեան հետ կապուած մտավախութիւններ ունի, այդ թւում` Ադրբեջանի պատճառով», արձագանգեց Ռուբինեան` նկատել տալով, որ՝ ի տարբերութիւն Երեւանի, Պաքու ձեռք կը բերէ պաշտպանական սպառազինութենէն բացի նաեւ այլ զինամթերքներ:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէէ, որ նոյն այդ վայրկեաններուն հաղորդուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Թուրքիոյ ռազմարդիւնաբերութեան գործակալութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնի հանդիպման մասին, որուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:
Հակառակ Պաքուի հետ ռազմական ոլորտին մէջ ընդլայնուող համագործակցութեան՝ Անգարա կը վստահեցնէ, որ անկեղծ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գծովով:
Ռուբինեան նաեւ հաստատեց, որ Հայաստան երբեք համաձայնութիւն չէ տուած Ատրպէյճանին՝ արտատարածքային միջանցք տրամադրելուն: «Հայաստանի դիրքորոշումն այն է, որ Հարաւային Կովկասում տարածաշրջանային կոմունիկացիաների (երթեւեկի հաղորդակցութութիւններու) ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ երկրների ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով: Սա շատ պարզ է, մենք սրան համաձայն ենք, Ադրբեջանի նախագահը սրան համաձայն է, մենք սա դնում ենք թղթի վրայ եւ իրականացնում ենք», ըսաւ Ռուբինեան։
Ըստ անոր՝ երբեմն կան եզրեր, որոնց օգտագործումը ցոյց կու տայ զայն որդեգրողներուն իրական մտադրութիւնները: «Օրինակ, ինչո՞ւ է Հայաստանը որոշել տարածաշրջանի կոմիունիկացիաների ապաշրջափակելու իր նախաձեռնութիւնն անուանել «Խաղաղութեան խաչմերուկ»: Որովհետեւ մենք ուզում ենք, որ մեր տարածաշրջանը խաղաղութեան խաչմերուկ լինի: Ադրբեջանը շարունակում է օգտագործել «Զանգեզուրի միջանցք» տերմինը (եզրը): Հայաստանի ինքնիշխան տարածքում «Զանգեզուր» անունով տարածքային միաւոր չկայ, եւ Հայաստանը երբեք չի համաձայնուել Ադրբեջանին արտատարածքային միջանցք տալուն», նշեց Ռուբինեան։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Անգարայի բանագնաց Սերտար Քըլըչ դիտել տուաւ, որ «Ռուբէնը եւ Հիքմեթը լսելով` յստակ կը դառնայ, թէ որքան զգայուն է իրավիճակը եւ դժուար են բանակցութիւնները»:
«Փորձերը` լուծումներ պարտադրել տարածաշրջանին մէջ դուրսի ուժերու կողմէ, անարդիւնաւէտ են», յայտարարեց Քըլըչ` զարգացնելով մասնաւորաբար ատրպէյճանցի պաշտօնեային արտայայտած միտքը: