ՀԱՆԹԻՆԿԹԸՆ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Հանթինկթըն Պիչ քաղաքի դասական երաժշտութեան նուագախումբը Կիրակի, 10 Մարտին, կ.ե. ժամը 3։30էն սկսեալ, առաջին անգամ ըլլալով Քալիֆորնիոյ մէջ պիտի ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի «Թաւջութակի Քոնչերթօ»ն՝ խմբավարութեամբ Հրանդ Սեւդայեանի։
Համերգը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ քանի մը այլ յօրինողներէ ստեղծագործութիւններ, տեղի պիտի ունենայ քաղաքին կեդրոնական գրադարանի թատերասրահին մէջ։
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (714) 274-5524 թիւն եւ info@hbsymphony.org հասցէին, կամ այցելել կայքը։