ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հայ Ժողովուրդի քրիստոնէացման մէջ, Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը իւրայատուկ իմաստ ու նշանակութիւն ունեցած է պատմութեան ընթացքին: Ատրպատականի Հայոց թեմին համար, ամէն տարի Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնը, հոգեկան վերանորոգութեան առիթ կը հանդիսանայ:
53րդ տարին ըլլալով, Ատրպատականի Հայոց թեմը յատուկ ուխտագնացութիւն կազմակերպեց դէպի Ս. Թադէի վանքը, գլխաւորութեամբ իրանահայ երեք թեմերու առաջնորդներուն՝ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի (առաջնորդ Թեհրանի Հայոց թեմի), Բաբգէն եպս. Չարեանի (առաջնորդ Սպահանի Հայոց թեմի) եւ Նշան եպս. Թօփուզեանի (առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց թեմի):
Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը օրհնութեան յատուկ գիր մը յղեց ուխտաւոր բազմահազար ժողովուրդին, որ ի լուր ժողովրդեան ընթերցուեցաւ ուխտաւորութեան օրը: Վեհափառ իր յորդորներուն ճամբով, անգամ մը եւս կը վերանորոգէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատքը՝ հանդէպ առաքելահիմն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին. «Ս. Թադէի վանքին ձեր կատարած ուխտագնացութիւնը հոգեւոր վերանորոգութեան առիթ մը պէտք է դառնայ ձեր բոլորին համար: Չմոռնանք, որ հայութիւնը քրիստոնէութեան ճամբով հոգեւոր արժէքներով պայծառակերպուեցաւ, իսկ քրիստոնէական արժէքները մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս շաղախուեցան հայկական աւանդութիւններով: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ այս ուխտագնացութիւնը ձեր բոլորին համար նաեւ դառնայ ազգային պատկանելիութեան ամրապնդման սքանչելի առիթ մը», կը գրէ վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ:
Նշենք, որ ուխտագնացութեան առիթով Ս. պատարագ մատուցուեցաւ վանքի սրբազան կամարներուն տակ, զոր մատոյց Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Ապա հանդիսաւոր թափօր տեղի ունեցաւ սրբազան աջերով ու մասունքներով: Ուխտաւոր ժողովուրդը գիշեր մը առաջ, վանքի շրջակայքը յատուկ վրաններ լարած, հոգեպէս պատրաստուեցաւ յաջորդ օրուան ուխտաւորութեան: