Ազգային առաջնորդարանիս Տիկնանց յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր թեմիս եկեղեցիներու Տիկնանց միութիւնները իրենց հոգեւոր հովիւներով Հինգշաբթի, 19 Յուլիս 2007ին, Ազգային առաջնորդարանի նորակառոյց համալիրը հրաւիրել, մօտէն ծանօթանալու զանազան գրասենեակներուն եւ բաժանմունքներուն եւ ունենալու մտերմիկ ու հաճելի ժամանց։
Տիկնանց միութեանց անդամուհիներ առիթը ունեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ այցելելու, մոմ վառելու ու աղօթք բարձրացնելու. ապա հաւաքաբար «Հայր Մեր»ը երգելէ ետք, այցելեցին Ազգ. առաջնորդարանի երկյարկանի շէնքին զանազան գրասենեակներն ու բաժանմունքները։
Ապա «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ Տիկնանց միութիւններու անդամուհիները կէսօրուան ճաշի հիւրերը եղան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ սրբազանին հրաւէրով, հաւաքին ներկայ եղաւ թեմս հիւրաբար այցելող՝ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան։
Առաջնորդարանի Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մարիամ Կարապետեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը օրհնելու սեղանները։
Ճաշի ընթացքին սրտի խօսք արտասանեց Կորիւն սրբազանը. ան դրուատեց հայոց պատմութեան զանազան դարաշրջաններուն հայ կնոջ ստանձնած իւրայատուկ դերը որպէս պահապան քրիստոնէական հաւատքին, հայկական աւանդութեանց եւ ազգային ժառանգութեանց։ Սրբազան հայրը գնահատեց Արեւմտեան թեմի Տիկնանց միութիւններու տարած եկեղեցանուէր աշխատանքները, նշելով, որ անոնք թեմակալ առաջնորդ սրբազանին եւ եկեղեցիներու շուրջ բոլորուած՝ կը ծաւալեն ժրաջան եւ եկեղեցանուէր գործունէութիւն։ Կորիւն սրբազան շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանը, ազգային հպարտութիւն առթող նման համալիրի մը կառուցման եւ վերանորոգութեան աշխատանքներու յաջող աւարտին առիթով, բոլորին մաղթելով ամենայն բարիք ու արդիւնաւոր ծառայութիւն։
Ապա կարգաւ եկեղեցիներու Տիկնանց միութեանց ատենապետուհիները ներկայացուցին իրենց վարչական կազմերը եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց տարած աշխատանքներուն ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։
Մտերմիկ ու հաճելի մթնոլորտի մէջ երգուեցան երգեր եւ ներկաներ առիթը ունեցան մօտէն զիրար ճանչնալու եւ զրուցելու։
Փակման իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց յանձնախումբին նախաձեռնած հաւաքը՝ ծխական եկեղեցիներու Տիկնանց միութիւնները Ազգ. առաջնորդարան հրաւիրելու գեղեցիկ գաղափարը, որպէսզի անոնք առիթը ունենան ազգին ու հայ ժողովուրդին սեփական տունը եղող Ազգ. առաջնորդարան այցելելու ու անոր զանազան բաժանմունքներուն մօտէն ծանօթանալու, միասնաբար աղօթելու, հաւատքով գործելու եւ աշխատելու, որպէսզի Հայց. Առաքելական եկեղեցին միշտ պայծառ, կանգուն եւ շէն մնայ։ «Սիրելիներ, դուք ազգին տան մէջ կը գտնուիք», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը, «Ազգ. առաջնորդարանը հարազատ ձեր տունն է, եւ բոլորս ալ նուիրեալ ծառաներն ենք հայ եկեղեցւոյ ու մեր սիրելի ժողովուրդին, եկէք միասնաբար հոգեպինդ լծուինք եկեղեցանուէր մեր առաքելութեան եւ գործակցական ոգիով աշխուժ ու պայծառ պահենք մեր բոլոր եկեղեցիներն ու ազգային կառոյցները եւ նպաստենք մեր ազգի կրօնական եւ հոգեւոր զարթօնքին վասն շինութեան ազգիս եւ բարեկարգութեան Հայ եկեղեցւոյ»։
Յիշատակի հաւաքական լուսանկարէ ետք, հիւր տիկինները հաւաքական գործակցական կեանքի քաղցր յիշատակներով վերադարձան ծխական իրենց եկեղեցիները, առաւել աշխոյժ եկեղեցանուէր գործունէութիւն ծաւալելու կամքով։