Իրանցի իր պաշտօնակից Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ «Հայաստանի՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան չծառայող երրորդ կողմերուն տարածաշրջանին մէջ ներգրաւելը սպառնալիք է խաղաղութեան գործընթացին համար»։
Հանդիպման մասին հաղորդեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, իրանեան կողմը հաղորդագրութիւն չտարածեց։
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրներուն՝ Պայրամով Ապտոլլահեանին ըսաւ, թէ «կարգ մը երկիրներու կողմէ Հայաստանը զինելու ջանքերը» եւս վտանգ կը ներկայացնեն խաղաղ գործընթացին համար:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան՝ ռազմականացման հարցի պնդումին իբրեւ պատասխան, Անթալիոյ ֆորումին ըսաւ, որ Հայաստան այդպիսի բան չ՛ըներ, այլ պարզապէս ինքզինք կը պաշտպանէ, ինչ որ տրամաբանական է` նկատի ունենալով, որ ապահովական գծովով անհանգստութիւն կայ Ատրպէյճանի պատճառով:
«Մենք ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) վարքագիծ կամ նման մոտիվացիա (միտում) չունենք մեր հարեւանների նկատմամբ, յարգում ենք նրանց տարածքային ամբողջականութիւնը, միաժամանակ մենք իրաւունք ունենք կառուցել մեր պաշտպանութիւնը», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ Ատրպէյճան գնած է եւ կը գնէ զէնքեր տարբեր երկիրներէ, այդ ալ՝ ոչ-պաշտպանական։