6 Մարտին, Ազգային ժողովին մէջ, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հայաստան պաշտօնական նամակով մը դիմեց ռուսական կողմին եւ տեղեկացուց, որ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ այսուհետեւ ծառայութիւն պէտք է իրականացնեն միայն հայ սահմանապահները: «Սա Երեւանի յստակ դիրքորոշումն է», շեշտեց ան՝ աւելցնելով. «Հայաստանը անկախութեան շրջանում տարբեր ուղղութիւններով կարողութիւններ է ձեռք բերում, եւ այս պահին Հայաստանն ամբողջական կարողութիւն ունի օդանաւակայանում ամբողջութեամբ վերահսկողութիւն իրականացնելու համար»:
«Զուարթնոց»էն ռուսերը հանելու մասին քննարկումներուն նախորդած էր Ներքին Հանդի արիւնալի միջադէպը, որուն պատճառով հայկական կողմը 4 զոհ ունեցաւ:
Իշխանութեան ներկայացուցիչները սկսան բացայայտօրէն կասկածի տակ դնել առաւել քան երեք տասնամեակներ Հայաստանի սահմաններուն ծառայութիւն իրականացնող ռուս սահմանապահներուն արդիւնաւէտութիւնը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, նոյն օրը ըսաւ, որ «Զուարթնոց»էն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման վերաբերեալ Երեւանէն որեւէ որոշում չէ փոխանցուած։ «Ինչ կը վերաբերի «Զուարթնոց»ի մէջ Ռուսիոյ սահմանապահներուն, այդ առումով, որքան որ կը հասկնանք, որեւէ որոշում չէ եղած, եւ պաշտօնական խողովակներով մեզի ոչ ոք այդ որոշումներուն մասին չէ տեղեկացուցած, մենք կ՛աշխատինք բոլոր ուղղութիւններով՝ թէ՛ ԱՊՀի, ԵԱՏՄի կառոյցներու ծիրին մէջ եւ թէ երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակի վրայ», նշեց ան։
Փեսքով աւելցուց, որ այժմ Ռուսիա եւ Հայաստան կ՛իրականացնեն շարք մը կարեւոր նախագիծեր եւ այդպէս պիտի շարունակեն ապագային եւս։