ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Սուր դիտողութիւն, առողջ դատողութիւն, յեղափոխականի քաջութիւն:
Այսպէս ներկայացուած եւ գործած էր յիրաւի հայ գրականութեան խոնարհ, արդար ու համարձակ անհատականութեամբ ու գործերով նշանաւոր հայ մեծ գրագէտ՝ Յակոբ Պարոնեան:
Յակոբ Պարոնեան առիթով մը արտայայտած էր հետեւեալ խօսքը, թէ «փառք Աստուծոյ ո՛չ բարեկամ եւ ո՛չ ալ թշնամի ունիմ»: Մեր ընկերային կեանքի հասկացողութեամբ, հաստատ է այն, որ ուղղամիտ ու համարձակ խօսքի տէրը՝ հաստատ որ բարեկամ չունի, բայց որ թշնամի չունենա՞յ… արժէ մտածե՛լ:
Անցեալի մաքուր, հարազատ եւ հայրենիքի ու ազգի սիրով տոչորուն մեր «մեծ»երու աչքերն ու մտքերը տեսնելու եւ ճանչնալու, դիտելու եւ դատելու, ըմբռնելու եւ արտայայտուելու յատուկ անկեղծութեամբ եւ քաջութեամբ օժտուած էին հաստատ… թէեւ յաճախ անոնք հալածուած եւ աւելի՛ն, բրտօրէն անհետացման ճակատագրուած՝ այլեւայլ ներքին թէ արտաքին հարուածներով։
Ի դէպ, ներկայիս, կրկին անգամ եւ կարծէք վերջերս՝ յարատեւ, մեզ մտահոգող, անհանգստացնող ու ցաւ պատճառողը՝ մեծ մաշտապով, մեր հայրենիքի ու Սփիւռքի, մինչեւ իսկ համայնքի ու գաղութի՝ ներքին ու արտաքին անհիմն եւ կամ չարամէտ հիմնաւորումներով աճած (անձնական) անցուդարձներն են, որ կ՛ապականեն մեր ժողովուրդի հանգիստը (ազգային անհանգիստ այս օրերուն) եւ որպէս հետեւանք, մեզի «ճակատագրուած» ուղղակի, թէ անուղղակի վարքագծային վերիվայրումներու կը վերածուին:
Մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ե՞րբ…:
Ինչո՞ւ տարանջատել հաւաքական մեր մտքերն ու ուժերը: Ինչո՞ւ վանել նուիրեալներն ու գործողները: Յուսալքել՝ սրբազան գաղափարին հաւատաւոր ու արդարամիտ անհատները, կասկած տարածել ամէնուրեք եւ իրարու հանդէպ եւ անվստահութեան փոշին փչելով՝ ներկան պղտորել եւ ապագան լճացնել, յուսալքելով սպաննել ապագայի երազները մեր մէջ:
Ի դէպ, տակաւ աներեւոյթ վտանգը, մեր եւ գալիք մաքուր շրջապատին, անդառնալի կորուստը կրնայ դառնալ…:
Հետեւեալ լոզունգը՝ «Մէկս բոլորին, բոլորս մէկին», թէեւ համամարդկային, բայց եւ համազգային ամուր եւ ողջամիտ հիմքերով մեր ազգային տեսլականը պէտք է դառնայ ու առաջնորդէ՝ հինն ու նորը, երէցն ու երիտասարդը, ապա մաքուր դաշտ պատրաստէ՝ նոր ոտնաքայլերուն, նորաբաց լեզուներուն եւ շուտով փայլատակելու պատրաստ՝ նորածիլ մտքերուն:
Վերջապէ՛ս յիշենք, որ անարգ փորձառութիւնը մօտիկ անցեալին ապրեցանք ու տակաւ կ՛ապրինք ազգովին, երբ կեղծամիտ եւ ապազգային վարքերով, վտանգը քանիցս պարուրեց եւ խեղդեց մեր ազնիւ հպարտութիւնն ու նուիրումի ոգին, առաւել եւս հասաւ մեր մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք նոր ու մեծ խանդավառութեամբ «սուրբ գործ»ի դաշտ մուտք պիտի գործէին եւ իրենք զիրենք փաստելով պատրաստ էին նուաճելու՝ «երազուած» մաքուր եւ արդար դիրքեր ու բարձունքներ:
Արդ, հա՛րկ է եւ անհրաժե՛շտ, որ ականջ տանք մեզ ու մերոնց՝ բաց մտքով, լայն սրտով եւ մեծ հոգիով, փորձելով հասկնալ ու վերլուծել, ըստ էութեան, ապա խելամիտ առաջարկներով լսելի դարձնենք մեր ձայնն ու փաստացի ու արդար մեր դերը, որպէսզի երբե՛ք եւ երբե՛ք, չարամիտ արտայայտութիւններով եւ թշնամական լոզունգներով չնպաստենք թշնամիի յոխորտանքներուն: Վերջապէս, իւրաքանչիւր ազգային, թէ ապազգային, որեւէ անհատի սիրտը, քիչ թէ շատ, ճնշուած է հայրենիքի ու ազգի՝ անցեալ թէ ներկայ ահերով ու ցաւերով եւ ի դէպ ահաւոր կորուստներով։
Անկասկած, կ՛ակնկալե՛նք, կը հաւատա՛նք եւ կամ քաջ գիտե՛նք, թէ անհող եւ անհայրենիք ժողովուրդ մը դառնալու միտումը երբե՛ք չունինք եւ կամ չե՛նք իսկ պատկերացներ դառնալ: Մենք մեր դարաւոր ազգի պատմութիւնն ու մշակոյթը աղաւաղելու եւ կորուստի մատնելու մտածումը յարիր չենք գտներ՝ հայութեամբ սնած ու գործած հայ ժողովուրդին համար:
Ուշքի պէտք է գալ, վերատեսութեան ենթարկել մօտիկ անցեալն ու սերտել անմիջական ներկան ու ծրագրել մօտիկ ու հեռաւոր ապագան՝ ազնուական տոհմի որպէս շառաւիղներ… եթէ կը հաւատանք տուեալ մտքին․
Զարկ տալ երիտասարդ մտքերուն եւ տեսլականներուն: Ազգային պարտաւորութեանց ծրագրաւորում հիմնաւորել: Նպաստներ ստեղծել՝ կրթական, մշակութային եւ ստեղծագործական մաշտապով: Քաջալերել նոր սերունդը՝ մասնագիտանալու քաղաքական գիտութեան մէջ, տոգորուելու քաղաքական մտքերով, տեսութիւններով եւ միջազգային քաղաքական լեզուով ըմբռնելու եւ յառաջանալու, ահա այն ատեն միայն կարելի է սթափ մտքով ու քայլերով նուաճել յաղթական նոր հորիզոններ:
Մենք կը գիտակցինք, որ մեր ազգն ու հայրենիքը՝ մեր պատուարժան ճիտին պարտքն է ազգովին, իսկ շեղուիլ թէ հրաժարուիլ այդ ազգային պարտաւորութենէն կարելի չէ, որովհետեւ պարտաւոր ենք մեր «մեղքերը քաւած» բաց ճակատով ու բարձր գլուխով կանգնիլ մեր նորանոր սերունդներուն դիմաց:
Ժամանակն է, որ միասնական ջանքերով, մաքրե՛նք մեր շուրջի փոշին եւ հեռացնե՛նք ապականութիւնը մեր շրջապատէն:
Իսկ, եթէ պէտք է, ազգային ազնիւ գիտակցութիւնը «բռնի» ոգեւորութեամբ իսկ պարտադրենք միմիանց՝ փրկութեան խարիսխը ամրապնդելու եւ ազգային փառքի ջահը բարձրացնելու համար:
Վերջապէս, մեր ազգն ու հայրենիքը, առողջ մտքով ու պատուարժան արարքներով տոգորուն եւ իր զաւակներուն կարօտով արբեցած, իր արդար հրաւէրը կ՛արձակէ ամենուրէք՝ մաքրամաքուր ազգայիններ ու գաղափարական լիիրաւ հայ անհատներ դառնա՛ք, բարով դառնա՛ք։