ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 8 Մարտ թուակիր յայտարարութեան միջոցաւ, խոր մտահոգութիւն յայտնեց «ի տես Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալութիւններու վերջին ալիքին, որ դարձեալ թիրախ դարձուց հասարակութեան եւ անկախ լրատուական միջոցներու ձայները»: Նախարարութիւնը կոչ կ՛ըն՝ Ատրպէյճանին՝ յարգելու հիմնական ազատութիւնները, մասնաւորապէս խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը՝ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն եւ ազատ արձակելու կամայականօրէն ձերբակալուած անձերը։
Պաքու անմիջապէս հակազդեց այս յայտարարութեան։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած պատասխանին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Կտրականապէս կը մերժենք Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան 8 Մարտի յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Ատրպէյճանի մէջ վտանգուած են խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնները եւ երկրին մէջ կատարուած են անհիմն ձերբակալութիւններ։ Այսպիսի անհիմն եւ կողմնակալ յայտարարութիւններ կը համարուին միջամտութիւն՝ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն, քննչական գործընթացին եւ դատական համակարգի անկախութեան։ Ֆրանսա, որ կոպտօրէն կը խախտէ մարդկային իրաւունքները, կը սպաննէ ցուցարարներ խռովութիւններու ընթացքին, որուն օրէնսդիր կառոյցներուն մէջ արձանագրուած են կաշառակերութեան եւ եղծանման, իսլամատեացութեան եւ իսլամներու դէմ յարձակումներու բազմաթիւ դէպքեր, եւ որ ոչ մէկ քայլի կը ձեռնարկէ մարդկային իրաւանց ոտնահարման դէմ, չունի բարոյական իրաւունքը Ատրպէյճանին դասեր տալու։ Անգամ մը եւս կը պահանջենք, որ Ֆրանսական կողմը չմիջամտէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն»։