Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ ափրիկեան իր քաղաքականութեան ձախողութենէն ետք, Ֆրանսա այս անգամ կը փորձէ Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահի դեր ստանձնել, հակառակ անոր, որ հոն Ռուսիա արդէն խաղաղապահ գործունէութիւն կը տանի։
«Կիրակնօրեայ Երեկոյ՝ Վլատիմիր Սոլովէօվի Հետ» հաղորդման ընթացքին, Զախարովա Հարաւային Կովկասի մէջ Փարիզի աշխուժութիւնը նկատեց «տեսակ մը փոխհատուցում»: Ըստ անոր` Փարիզի «փորձերը» Կովկասի մէջ «իբր թէ խաղաղապահ ջանքեր կը ներառեն»:
«Մենք կը գիտակցինք, որ ասիկա կապ չունի խաղաղապահութեան հետ: Մեր երկիրը իր ուսերուն առաւ եւ կատարեց ամբողջ խաղաղապահ դերակատարութիւնը` նոյնիսկ իբրեւ միջնորդ Լեռնային Ղարաբաղի հարց կարգաւորման պարունակին մէջ: Հիմա, երբ դժուարագոյն փուլը աւարտած է, յուսանք՝ իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ, անոնք չեն սկսիր նորէն բորբոքել կրակը: Եւ այժմ, երբ ամէնէն ասարսափելին անցեալ դարձաւ, անոնք կ՛ուզեն իրենք զիրենք հոս «ցոյց տալ», ըսաւ Զախարովա: