Մեծն Բրիտանիա Հայաստանի իշխանութիւններուն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը կ՛ընդունի եւ պատրաստ է Ռուսիոյ սպառնալիքներէն պաշտպանուելու համար աջակցութիւն ցուցաբերելու: «Սփութնիք»ը՝ յղում կատարելով «Ռաշա Թուտէյ»ին հաղորդեց, որ այս յայտարարութիւնը կատարեց Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ճէյմզ Հիփի:
«Մեծն Բրիտանիա այդ որոշումը կ՛ընդունի իբրեւ Հայաստանի գերիշխան իրաւունքի իրականացում: Մեխն Բրիտանիա պատրաստ է նաեւ համագործակցելու Եւրոատլանտեան դաշնակիցներու հետ` Հայաստանին Ռուսիոյ պատասխան գործողութիւններու սպառնալիքներուն դէմ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար», յայտնեց Հիփի:
Ան՝ բրիտանական խորհրդարանի գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան՝ ընդգծեց, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ Երեւանի հետ` փնտռելով յարաբերութիւններու խորացման ուղիներ:
ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեռգէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը ի սկզբանէ սխալ համարելու մասին Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները կրնան պատճառ դառնալ երկկողմ յարաբերութիւններու էական վերանայման:
«Մենք ուշադրութեամբ հետեւեցանք յայտարարութիւններուն Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ճէյմզ Հիփիի, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Հայաստանին՝ «Ռուսիայէն բխող սպառնալիքներու պարագային», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ աւելցուց, թէ ռուսական կողմը «այլեւս չի զարմանար այն փաստէն, որ Լոնտոնի մէջ այլեւս դադրած են ծածկել իրենց բոլոր քայլերուն հակառուսական բնոյթը՝ «հետխորհրդային տարածքին, որոնց կարգին Հարաւային Կովկասի մէջ»:
«Բայց Հիփիի բացայայտումները նաեւ ուղղակի կը հաստատեն, որ Արեւմուտքը կը ձգտի Հայաստանը դարձնել տարածաշրջանին մէջ իր վարած գիծի գործիք` Մոսկուայի դէմ ուղղուած: Երեւանի մէջ պատասխանատու քաղաքական գործիչներուն համար լրջօրէն մտածելու պատճառ է ասիկա», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։