
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր մահկանացուն կնքեց Ռալֆ Թիւֆէնքեան, որ Հայ Կրթական հիմնարկութեան երկար տարիներու անդամ, բարերար եւ վարչութեան նախկին անդամ էր։
«Ռալֆ Թիւֆէնքեան, որ 2016ին արժանացած էր հիմնարկութեան «Ժառանգութեան» մրցանակին, առաջնորդող մըն էր իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ, մարմնաւորելով ամերիկացիի մը եւ հայու մը լաւագոյն յատկանիշները։ Համայնքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ անոր գործունէութիւնը իր հետքը ձգած է եւ պիտի շարունակէ ձգել ապագայ սերունդներուն վրայ», կը շեշտէ հիմնարկութիւնը։
Իրենց վաղամեռիկ զաւակին՝ Ռիչըրտին յիշատակին հաստատուած հիմնադրամին միջոցաւ, Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեանները վերջին երեք տասնամեակներուն կրթանպաստներ յատկացուցին մեծ թիւով հայ համալսարանական ուսանողներու, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Սերոբ Պէյլէրեան կը յայտնէ, թէ Ռալֆ Թիւֆէնքեան ոչ միայն արտակարգ հովանաւոր մըն էր, այլ նաեւ՝ հայ ոգիի օրինակելի տիպար մը եւ անձ մը, որ մնայուն հետք մը ձգած է կազմակերպութեան եւ հայ համայնքին վրայ։
«Ռալֆ Թիւֆէնքեան միշտ համեստ էր եւ մնայուն ու վստահելի զօրակցող մըն էր հայ ուսանողներուն եւ Հայկական Հարցին։ Բոլոր անոնք, որոնք իրենց վրայ զգացած են անոր բարեբեր ներդրումը, սիրով պիտի յիշեն զինք, իսկ անոր նուիրումը պիտի ըլլայ ներշնչումի օրինակ», կ՛եզրակացնէ հիմնարկութիւնը՝ ցաւակցութիւններ յայտնելով անոր ընտանեկան պարագաներուն։