Այս տարի 25 հայ առաջատար մասնագէտ բժիշկներ արժանացան Իրանի Բժշկական համակարգի վարչութեան գնահատման:
Բժշկական համակարգի վարչութեան հանրային կապի տրամադրած աղբիւրներուն համաձայն, յիշեալ հաստատութիւնը այս տարի առանձին գնահատագիրներով մեծարեց երկրի զանազան վայրերու մէջ ծառայող առաջատար բժիշկները, ատամնաբուժները, դեղագործները, ակնաբուժները, տարրալուծարանային գիտութիւններու մասնագէտները եւ բժշկա-առողջապահական մասնագիտութիւններով զբաղող անձնաւորութիւնները, որոնք 30 տարիէ աւելի գործունեայ ծառայութիւն ցուցաբերելով՝ արժանաւոր ներդրում ունեցած են երկրի բժշկա-առողջապահական մակարդակի բարելաւման ասպարէզին մէջ:
Կեդրոնական վարչութիւնը առաջատար անձերու ընտրութիւնը կատարեց հիմնուելով նահանգային ու մարզային մասնաճիւղերուն ներկայացուցած ցուցակներուն վրայ:
Թեհրանէն գնահատուեցան 15 հայ առաջատար մասնագէտներ, Սպահանէն՝ 4, Թաւրիզէն՝ 3, Շիրազէն՝ 2 եւ Մաշհատէն՝ 1: Յիշատակելի է, որ առաջատարներու կազմին մէջ էին նաեւ ասորի, հրեայ եւ այլ կրօնական ու ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: