Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Էդիկ Պօղոսեանի եւ Հենրիկ Խաչատուրեանի, 14 Յուլիսին «Խանէյէ հոնարմանտան»ի մէջ (Արուեստագէտներու տուն) տեղի ունեցաւ հայ գիրերու գիւտին 1600ամեակին նուիրուած «կրաֆիք տիզայն»ի ցուցահանդէսի բացում:
Այս ցուցահանդէսին նպատակն էր Իրանի հասարակութեան ներկայացնել հայ գիրերու գեղարուեստական եւ գեղագրական պատկերները՝ որմազդի, գիրքի, շապիկի, թերթերու լոկոներու եւ գեղագծագրութեան միջոցով:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին՝ հայ գիրերու պատմութիւնը, Մեսրոպ Մաշտոցի նկարները, Աւետարանի հայերէն թարգմանութեան առաջին տպագիր նմուշները, առաջին հայ տպարանատէր Յակոբ Մեղապարտի եւ Իրանի մէջ առաջին տպարանի հիմնադիր Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի նկարները, եւ այլն: