Նախաձեռնութեամբ Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին (ՀՈՒՍԿ), համագործակցութեամբ «Բոխարա» բանասիրական պարբերականի խմբագրութեան, 15 Յուլիսին Իրանի Արուեստագէտներու տան «Պեթհովէն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գրականութեան նուիրուած երեկոյ:
Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ կարճ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդին պատմութիւնը եւ հոգեմտաւոր մշակոյթը:
«Բոխարա» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Ալի Տեհպաշի նշեց, որ այս գրական երեկոն «Խանէյէ հոնարմանտան»ի մէջ կազմակերպուող համաշխարհային գրականութեան նուիրուած 49րդ ծրագիրն է: Այնուհետեւ խօսք առին Միշա Հայրապետեան, Ազատ Մաթեան, Սաֆտար Թաղիզատէ եւ Ռոպէրթ Մարգարեան, որոնք ներկայացուցին հայ գիրերու գիւտէն սկսած եւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող հայ գրականութեան կազմաւորման պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ նշանաւոր գրողները եւ բանաստեղծները:
Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով Սամուէլ Խուդադադեան արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» բանաստեղծութեան պարսկերէն թարգմանութիւնը, իսկ Նիմա Ֆարահմանտ դաշնակի վրայ մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն երկու կտոր:
Հանդիսութեան աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան օրուան դասախօսներուն եւ արուեստագէտներուն: