Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գրասենեակը յայտնեց, որ Հայաստանի Իջեւան քաղաքի գրասենեակի խումբը հիւրընկալեց Վրաստանի մօտ Աւստրիոյ դեսպան Թոմաս Միւելմանին եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Ահամմերին:
Այս մասին գրութիւն մը զետեղուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ։
«Մարդոց ապահովութեան միտող պարեկային շրջայցին ընթացքին ներկայացուցինք առաքելութեան աշխատանքը եւ տարածքին իրավիճակը», կ՛ըսուի գրառումին մէջ։