Հինգշաբթի, 14 Մարտին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ արժանացաւ արքութեան տիտղոսին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն յայտնեցին, որ Թորգոմ սրբազանը մէկն էր այն եպիսկոպոսներէն, որոնք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու խառն նիստի աւարտին արժանացան արքութեան տիտղոսին:
Բերրիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Մարգարեան, Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Եուրէճեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, արքութեան տիտղոսին արժանացած միւս եպիսկոպոսներն էին:

«Բարձր գնահատելով իրենց թեմերուն մէջ առաջնորդ սրբազաններուն նուիրեալ ծառայութիւնը` անոնց կը շնորհուի արքութեան տիտղոսը. պարգեւատրումը միայն գնահատանքի արտայայտութիւն չէ, այլեւ առաւել խթան` վերանորոգ նուիրումով շարունակելու մեր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին», յայտարարեց կաթողիկոսարանը: