Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութիւնը 2006-2007 տարեշրջանի աւարտին կազմակերպեց համակարգիչի յատուկ, խտացուած դասընթացք՝ վարժարանիս ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան համար։
Սոյն դասընթացքին նպատակն էր յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանին կրթական դրութեան մէջ ներմուծել համակարգիչը՝ օգտագործելով արդիական միջոցներ, ուսումնառութիւնը նոր սերունդին մօտ աւելի հետաքրքրական եւ գրաւիչ դարձնելու մտահոգութեամբ։
Դասընթացքը կը հովանաւորէր վարժարանիս տնօրէնութիւնը, գործակցութեամբ «Կիլիկիա» նորահաստատ քոլէճի տնօրէնութեան։ Դասընթացքի տեւողութիւնն էր Յունիս 25-29, օրական 6 ժամ. խտացուած եւ օգտաշատ այս դասախօսութիւնները տրուեցան համակարգիչի դասախօս, «Կիլիկիա» քոլէճի տնօրէն Օննիկ Պայրամեանի կողմէ։
Ան հաճելի եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ, մեծ համբերութեամբ, գիտելիքները մանրամասնելով եւ սպառիչ բացատրութիւն տալով, փորձեց մատչելի դարձնել համակարգիչի այն ծրագիրները, որոնք պիտի օգնեն ուսուցիչին՝ դասաւանդած նիւթը աւելի դիւրութեամբ բացատրելու եւ հաճելի դարձնելու համար աշակերտներուն։ Իւրաքանչիւր դասախօսութեան յաջորդեցին գործնական դասեր, որոնք աւելի եւս ամրապնդեցին համակարգչային գիտելիքները «ուսուցիչ-աշակերտներու» մտքերուն մէջ։
Հպարտութեամբ նշենք, որ դասընթացքի հետեւող ուսուցիչները «Կիլիկիա» քոլէճի առաջին հունձքն էին, անոնք ստացան դասընթացքի յայտագրին համապատասխան վկայագրեր, որոնք պիտի արժեւորուին վարժարանիս տնօրէնութեան կողմէ, որպէս քոլէճի վարկանիշ:
Այս առթիւ, Հայ քոյրերու վարժարանի ուսուցչական կազմը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ տնօրէնութեան, որ իր հեռատես որոշումով այս պատեհութիւնը ստեղծեց՝ վերաորակաւորելու ուսուցիչները համակարգչային գիտելիքներով, նաեւ շնորհակալութիւն «Կիլիկիա» քոլէճի տնօրէն Օննիկ Պայրամեանին, որ 5 օրերու տեւողութեան դասատուներու յատուկ համակարգչային անհրաժեշտ գիտելիքներ մատակարարեց փորձառու դասատուի ճարտարութեամբ։
Կը մաղթենք, որ նմանօրինակ դասախօսութիւններ յաճախակի ըլլան, մեկնելով անոնց ընձեռած մեծ ծառայութենէն, յատկապէս գիտութեան եւ համակարգչային գիտելիքներու այս դարուն։