ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ «Ատրպէյճանի բանակին եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն սերտ համագործակցութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ ՆԱԹՕի հետ յարաբերութիւններու խորացման»։
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ Սթոլթենպերկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բարձր գնահատեց ատրպէյճանցի զինուորներուն «արհեստավարժ յատկանիշները, որոնք կը ցուցաբերուին դաշինքին կողմէ կատարուող խաղաղապահ գործողութիւններու ծիրին մէջ»:
Սթոլթենպերկ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ ըսաւ, թէ «այսօր մենք Հայաստանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու աշխոյժ փուլի մը մէջ ենք»։
Ընդգծելով, որ մինչեւ օրս Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններու փոխանակման եօթը փուլեր անցած են` Ալիեւ ըսաւ, որ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպումը, ինչպէս նաեւ սահմաններու սահմանազատման հարցով փոխվարչապետերու հանդիպումները կը վկայեն, որ կարգաւորման լաւ կարելիութիւն կայ:
Վերահաստատելով, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան աւելի մօտիկ փուլի մը մէջ կը գտնուին, քան երբեւէ՝ Ալիեւ ըսաւ. «Բռնագրաւումին ընթացքին, դժբախտաբար, բանակցութիւնները ոչ մէկ արդիւնք տուին: Փաստօրէն, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը 28 տարիներ ոչ մէկ արդիւնք տուաւ: Բայց հիմա, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման իբրեւ արդիւնք, կը կարծեմ եւ յոյս ունիմ, որ մենք շատ մօտիկ ենք բեկումնային փուլին: Ասիկա շատ լուրջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն պիտի ըլլայ Կովկասի մէջ: Այս պիտի նշանակէ, որ խաղաղութիւնը, երկար սպասուած խաղաղութիւնը պիտի գայ Կովկաս»։
Սթոլթենպերկ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ խաղաղութիւնը չափազանց կարեւոր է տարածաշրջանի մարդոց եւ երկիրներուն համար, բայց անիկա կարեւոր է նաեւ Սեւ ծովու տարածաշրջանի եւ հիւսիսատլանտեան ապահովութեան համար՝ նշելով, թէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը կարեւոր են ոչ միայն հոն, այլ նաեւ ապահովական աւելի լայն պարունակի մը մէջ:
«Հայաստան եւ Ատրպէյճան երկար տարիներու հակամարտութենէ ետք, այսօր կարելիութիւնը ունին հասնելու կայուն խաղաղութեան: Դուք առաւել քան երբեք մօտեցած էք խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման: Եւ ես կրնամ միայն յորդորել ձեզ՝ օգտուիլ այս կարելիութենէն` Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի մը հասնելու համար», ըսաւ Սթոլթենպերկ. ան նոյն բովանդակութեամբ գրառում մը կատարած է «Էքս»ի իր էջին վրայ։
Պաքուէն ետք Սթոլթենպերկ պիտի այցելէ Վրաստան եւ Հայաստան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահներու եւ վարչապետներու հետ: