«Սփիւթնիք Արմէնիա»ի եւ Հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի` անդրադառնալով Տաւուշի մէջ հնարաւոր սահմանազատման, յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ ծագած հարցերը լուծուին երկխօսութեան միջոցով:
«Մենք յոյս ունինք, որ այն հարցերը, որոնք ծագած են, երկխօսութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման հիման վրայ պիտի լուծուին: Պատերազմը երբեք որեւէ հարցի լուծում չի բերեր: Պատերազմին պատճառով կրնայ վտանգուիլ ապահովական կացութիւնը, եւ ամէն ինչ փուլ պիտի գայ», ըսաւ։