Կիրակի, 17 Մարտի երեկոյեան, Գատըգիւղ համշէնցիներու «Հատիկ» միութեան մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօն՝ Հուրիյէ Շահինի համշէնի բարբառի քերականութեան եւ Մահիր Էօզքանի այդ նոյն լեզուի ինքնուսման համար գրած գիրքերուն։
Երկու հեղինակները նախ կարգով ծանօթացուցին իրենց աշխատասիրութեան ընդհանուր յատկութիւնները, ապա կատարուեցաւ հանդիսատեսներուն հետ հաճելի երկխօսութիւն մը։
Յայտնի էր, որ մինչեւ մօտիկ անցեալ, համշէնցիներու մօտ տիրող տարակարծութիւնները կամ մեծ մասամբ հասած էին որոշ եզրակացութեան եւ այս ձեռնարկին մասնակցողներուն մօտ այդքան ալ հարցական չէր իսլամացած համշէնցիներու երբեմնի հայ ինքնութիւնը։
Այս անգամ անոնք կը գիտակցէին, թէ համշէներէն կոչուած առտնի խօսակցական լեզուն առանձին լեզու մը չէ, այլ հայերէնի մեծ մասամբ մոռացուած բարբառներէն մէկը, որ մեկուսացման պայմաններու մէջ յաջողած է մինչեւ օրս իր գոյութիւնը պահել՝ առանց գիր ու գրականութեան։
Եղան կարծիքներու փոխանակումներ, մինչեւ մեր օրերուն հասնող այդ լեզուին յարատեւութիւնը ապահովելու համար։ Յայտնի է, որ բնօրրանէն հեռացումը կը սպառնայ նաեւ լեզուի գործածութեան եւ այդ պայմաններուն մէջ ալ հետզհետէ անկարելի կը դառնայ մայրենիի պահպանումը։ Անշուշտ տակաւին շատ կանուխ է այս գիտակցութեան համընդհանուր բնոյթ ստանալը, որովհետեւ քաղաքական դրդումներ եւս համշէնցիներում մօտ գոյացուցած են թրքական ազգայնականութիւն մը, որովհետեւ այդքան ալ դիւրին տանելի բան մը չէ «հայ» կոչումով գոյութիւնը պահել ազգայնամոլութեան հետզհետէ ծաւալող պայմաններուն մէջ։
Վերջապէս, ներկաներ այս միջոցառումով առիթը ունեցան զիրենք յուզող զանազան նիւթերու շուրջ թէ՛ արտայայտուելու եւ թէ նոր ընկալումներ իւրացնելու առումով։
«ԱԿՕՍ»