Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` Հինգշաբթի, 21 Մարտին տեղի ունեցաւ ուսանողներու հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատուեցաւ շարունակականութիւնը Համազգային-Հայկազեան երկարամեայ գործակցութեան` Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու: Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի տագնապին եւ այսպիսի ծրագիրներու անհրաժեշտութեան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան յայտնեց, որ առաւել քան տասնամեակ մը այս գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ արգասաբեր արդիւնքները սկսած են ամէնուրեք տարածուիլ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան հակիրճ կերպով բացատրեց Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիրը եւ 7 տարուան կրթաթոշակի ամբողջական տրամադրումը այն ուսանողներուն, որոնք փափաքը ունին հայերէնի ուսուցիչ դառնալու եւ նուիրուածութեամբ աշխատելու: Գալուստեան բացատրեց, որ թեկնածուն իր բնակած երկրին մէջ, աւարտելէ ետք հայկական վարժարանը, 3 տարի պիտի ուսանի մանկավարժութիւն, 1 տարի պիտի հետեւի ուսուցիչի պատրաստութեան յատուկ ծրագիրի մը, ապա պիտի մեկնի Երեւան եւ 2 տարի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հետեւի հայագիտութեան ճիւղին: Այսպիսով ուսանողը կ՛ունենայ մանկավարժութեան պսակաւոր արուեստի վկայական, ուսուցչութեան վկայագիր (teaching diploma) եւ հայագիտութեան մագիստրոս: Այս ընթացքին շաբաթական դրութեամբ ան առցանց կը հետեւի նաեւ հայերէնի եւ գրականութեան նիւթերուն` մասնագէտ ուսուցիչի մը հետ: Այս բոլոր ծախսերը` ներառեալ կրթաթոշակ, օդանաւի տարեկան մէկ տոմս, Հայաստանի մէջ կեցութիւն եւ ապրուստ՝ կը հոգայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Այս ամբողջ ճամբան կտրած եւ յաջողութեամբ աւարտած ուսուցիչ Սարգիս Եագուպեան իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, որ այս օրերուն, առաւել քան անհրաժեշտ է հայերէնի ուսուցիչին դերը ոչ միայն հայերէնը լաւապէս սորվեցնելու, այլ նաեւ հայութեան հոգիին վրայ օրըստօրէ կուտակուող պարտութեան ոգին փարատելու եւ հզօրացնելու առումով: Ան թելադրեց ուսանողներուն, որ չվարանին եւ համոզումով լծուին աշխատանքի, նոյն ժամանակ ան շնորհակալութիւն յայտնեց երրրկու հաստատութիւններուն՝ այս առիթը իրեն ընծայելնուն համար:
Սարգիս Եագուպեան աւարտած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը եւ, 6ամեայ ուսումը ամբողջացնելէ ետք, ներկայիս կը պաշտօնավարէ իր դպրոցին մէջ:
Համագործակցութեան առաւել քան տասնամեակի մը առիթով Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին: