
Մարզային շրջանները տուած այցելութիւններու եւ ունեցած հանդիպումներու ծիրին մէջ, 23 եւ 24 Մարտին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ տեսակցութիւններ ունեցան Մարտունի եւ Հրազդան քաղաքներուն մէջ։
Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան, խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, պատգամաւորներ Աղուան Վարդանեան, Արման Ղազարեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Թադեւոս Աւետիսեան եւ Գեղամ Մանուկեան հանդիպումին ընթացքին խօսեցան Տաւուշի մէջ հայկական զօրքերը ետ քաշելու երկարաժամկէտ ու խորքային բոլոր հետեւանքներուն մասին, քննարկեցին օրուան իշխանութեան առաջարկած վտանգաւոր օրակարգերուն հանրային դիմադրութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը եւ ներկայացուցին ճգնաժամային իրավիճակը յաղթահարելու ուղիները:
«Գիւմրիում Նիկոլ Փաշինեանն արդէն բոլոր խաղաքարտերը բացեց․ խօսում է շատ բաց, ասում է` ես եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ն ունենք մի առաքելութիւն` մենք պատմական Հայաստանից պէտք է անցնենք իրական Հայաստան: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ինքը ստանձնել է 2018 թուականին, 42,500 քառակուսի կիլոմետրանոց 2 հայկական պետութիւն է եղել… 42,500 քառակուսի կիլոմետրի 30 տոկոսն արդէն յանձնել է թշնամուն», ըսաւ Սաղաթելեան:
Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքը այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, նախագահ Աշոտ Սիմոնեան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Սէյրան Օհանեան, Լիլիթ Գալստեան, Աննա Գրիգորեան, Էլինար Վարդանեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Արթուր Խաչատրեան։
Քաղաքացիներուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հրազդանի Դրամատիկական թատրոնին մէջ:
Սաղաթելեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Հայաստանի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, սպառնացող նոր վտանգները եւ հաաարրրցերը միասնաբար յաղթահարելու ուղիները:
Ան շեշտեց, որ այսօր, Ոսկեպարի մէջ ծագած հարցը միայն ոսկեպարցիին հարցը չէ, այլ ընդհանրապէս հայ մարդունն է:
«Ոսկեպարն ու Տաւուշի միայն ոսկեպարցիներինը ու տաւուշեցիներինը չի, դա մեր ժողովրդինն է: Չտալու բանաձեւը հետեւեալն է` համահայկական եւ համազգային դիմադրութիւն: Եթէ ուզում ենք հայրենիք ունենալ, ժողովուրդը պէտք է պատրաստ լինի այդ հայրենիքը պաշտպանելու, իսկ իշխանութիւնը դա կազմակերպելու», շեշտեց Սաղաթելեան։