Նախորդ շաբթուան ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ հրապարային կերպով պատերազմի հաւանականութեան մասին խօսեցաւ։ Արդարեւ, 23 Մարտին, Գիւմրիի մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի անդամներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ան ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն ստեղծել այնպիսի իրավիճակ մը, որ պատերազմը դառնայ անկարելի։
«Որովհետեւ մենք չենք կարող ասել` հը՞ կը սկսի, թէ՞ չի սկսի, կը սկսի՞, թէ՞ չի սկսի: Մեր քաղաքական նպատակը հետեւեալն է` գալ, ստեղծել մի իրադրութիւն, այս երկրի շուրջ ստեղծել մի իրադրութիւն, որ պատերազմն ուղղակի դառնայ անհնար: Սա շատ բարդ, չափազանց բարդ խնդիր է», յայտնեց Փաշինեան:
Ան շեշտեց, որ իշխող ուժը պէտք է ստեղծէ մթնոլորտ մը, որ կուսակցական միջավայրին մէջ ոեւէ մէկը չվախնայ որեւէ միտք արտայայտելէ: «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի առաքելութիւնը, ըստ անոր, հայ ժողովրդի եւ պետութեան անցումը առաջնորդելն է պատմական Հայաստանէն իրական Հայաստան եւ ապահովելը երկարաժամկէտ ինստիտուցիոնալ (կառուցային) զարգացում մը:
«Մեր անվտանգութիւնն ապահովելու համար մենք պէտք է մեր լեգիտիմութեան (օրինականութեան) գծերի վրայ կանգնենք, իսկ մեր լեգիտիմութեան գիծը մեր միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանն է, որպէսզի որեւէ մէկը մեր դէմ յարձակումն արդարացնելու հնարաւորութիւն չունենայ», աւելցուց Փաշինեան:
Նախորդող օրերուն, Ոսկեպար ու Կիրանց գիւղերուն մէջ բնակիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին եւս Փաշինեան ըսած էր, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը պատերազմ չարտօնելն է: Ան խօսած էր Տաւուշի մարզի հայկական գիւղերուն` Ոսկեպարի, Բաղանիսի, Կիրանցի եւ Բերքաբերի դիմաց գտնուող սահմանը իբրեւ մէկ ամբողջական կտոր սահմանազատելու մասին: