
Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթին գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեղւոյն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին, անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովական իրավիճակին, մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:
Ներկայացնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առանցքային հարցերը եւ անոնց վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումները, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Միրզոյեան շեշտեց, որ գործընթացին մէջ կայուն յառաջընթաց արձանագրելու համար երկուստեք յանձնառութեան ցուցաբերում պէտք է ըլլայ օրուան հրամայականը:
«Հայաստանն ունի նման յանձնառութիւն, սակայն Ադրբեջանի գործելաոճը չի վկայում համարժէք փոխադարձութեան առկայութեան մասին», ընդգծեց Միրզոյեան` աւելցնելով. «Մենք շարունակում ենք բանակցութիւններն առանցքային հարցերում փոխհամաձայնութեան հասնելու նպատակով, եւ այս ճանապարհին կարեւոր են նաեւ մեր միջազգային գործընկերների յստակ դիրքորոշումները, սատարումը առանցքային սկզբունքներին»:
Ան նաեւ ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը: Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման հարցով եւ այդ գործընթացին իբրեւ հիմք նկատի առնուելիք չորս հիմնարար սկզբունքներով: