Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ 10 Նոյեմբերի յայտարարութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին, Հայաստան 2020էն ետք արտադրուած զէնք ներմուծեց Արցախ:
«Հակաահաբեկչական գործողութենէն ետք, Ղարաբաղի տարածքին մէջ յայտնաբերուած սպառազինութեան եւ ծանր ռազմամթերքի թիւը կը խօսի այն մասին, որ այդ տարածքները դարձած են ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ «ամէնէն ռազմականացած գօտիներէն մէկը», կը յայտարարէ Պաքու՝ աւելցնելով. «10 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք հայկական կողմը իր զօրքերը Ատրպէյճանի տարածքէն ամբողջութեամբ դուրս բերելու փոխարէն, Ղարաբաղի տարածաշրջանը ապօրինի կերպով ներածեց զինամթերքներ, որոնց կարգին՝ 2020էն ետք արտադրուած ականներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Հայկական կողմը տակաւին չարձագանգեց Պաքուի նոր մեղադրանքներուն: Պաշտօնական Երեւան, սակայն, բազմաթիւ անգամներ յայտարարեց, որ Օգոստոս 2021էն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակ չէ ունեցած։