Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր չի բացառեր, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերը եւս քննարկուին 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լէյեն հանդիպումին ընթացքին, սակայն, ըստ անոր, հանդիպման հիմնական օրակարգը այդ հարցը չէ:
«Պրիւքսէլի հանդիպումը պիտի կեդրոնանայ Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան վրայ», ըսաւ Միլըր՝ շեշտելով, որ անիկա պիտի ընթանայ առեւտրական կապերը ամրապնդելու եւ մարդասիրական կարիքները լուծելու ուղղութեամբ: