
29 Մարտին «Իզվեստիա»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսաւ հետեւեալը. «Գիտէք, երբ Նիկոլ Փաշինեան ընդդիմութիւն էր եւ կը ղեկավարէր իր ստեղծած շարժումը, որ, բոլորը գիտէին, կապ ունէր Սորոսի հիմնադրամին հետ, անոր շարժման կարգախօսն էր` «Ելք», ելք ՀԱՊԿէն եւ Եւրասիական տնտեսական միութենէն: Այս կարգախօսով ան ամբոխներ փողոց,հանեց պահանջեց վարչապետի ընտրութիւն, իրենց մօտ վարչապետը կ՛ընտրէ խորհրդարանը՝ միաժամանակ յայտարարեց, որ եթէ այս ընտրութիւնները աւարտին այնպէս, որ ինք չընտրուի, ինք ոտքի պիտի հանէ ժողովուրդը: Տէ՛, ժողովրդավարութիւն իր բարձրագոյն դրսեւորման մէջ։ Վարչապետ դառնալէ ետք, շատ լաւ կը յիշեմ, Վլատիմիր Փութին քանի մը անգամ հանդիպում ունեցաւ անոր հետ՝ ամէն կերպով ընդգծելով, որ մենք պիտի չառաջնորդուինք նախորդ փորձառութեամբ, այլ՝ թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ ի՛նչ յարաբերութիւններ պիտի կառուցէ Ռուսիոյ հետ: Իբրեւ պատասխան` Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ թէ՛ ՀԱՊԿը եւ թէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը հիմնարար կառոյցներ են Հայաստանի, անոր տնտեսութեան զարգացման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անոր մեկուսացումը կանխելու համար: Եւ այս ուղղութեամբ էր, որ յարաբերութիւնները կը զարգանային բոլոր տարիներուն` մինչեւ 2020, երբ բորբոքեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը: Իսկ յետոյ Փաշինեան դիմեց Փութինին՝ թէ՛ իբրեւ Ռուսիոյ դաշնակից եւ թէ իբրեւ ՀԱՊԿի անդամ, եւ գիտէք, թէ ինչպէս մեր նախագահը բառացիօրէն գիշերը անխոնջ եւ ջանք չխնայելով բանակցեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` դադրեցնելու համար այս պատերազմը: Եւ յետոյ սահմաններու սահմանազատման, տնտեսական կապերու վերականգնման, երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, յարաբերութիւններու բնականոնացման, ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրի մը կնքման մասին եռակողմ համաձայնագիրները, այս բոլորը համաձայնեցուած էին մեր աշխոյժ նախաձեռնողական դերակատարութեամբ: Եւ ասոր զուգահեռ Եւրոպական Միութիւնը հայերը եւ ատրպէյճանցիները կը տանէր իր մօտը, եւ Փաշինեանն էր Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու հարթակին վրայ աշխատելու գաղափարի հիմնական ջատագովը: Անոնք պարբերաբար կ՛երթային հոն՝ ի վնաս այն հանդիպումներուն, որոնք նախատեսուած էին Ռուսիոյ տարածքին մէջ»։
Ըստ անոր՝ երբ 2022ին Փրակի մէջ, այսպէս կոչուած, Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին, որ նաեւ Ֆրսանայի նախագահ Մաքրոնի գիւտն էր, իրենք (հայկական կողմը) փաստաթուղթ ստորագրեցին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ներկայութեամբ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է, «մեզ ոչ ոք տեղեակ չէ պահած»:
«Այնուհետեւ Փութին յաջորդ հանդիպման ընթացքին Փաշինեանին ըսաւ. «Մենք զարմացանք, որ դուք այդպէս որոշեցիք»: Բացատրութիւններ չեղան, որովհետեւ Փաշինեան միշտ մեզմէ կը խնդրէր չմոռնալ, որ վերջին երեք տարիներու ջանքերուն զուգահեռ պէտք է ձեւով մը լուծել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, եւ մենք այդ մէկը կ՛ընէինք։ Բայց երբ ինք ստորագրեց, որ այս տարածքը Ատրպէյճանի կազմին մէջ է, կարգավիճակի հարցը վերացաւ: Եւ երբ մարդիկ սկսան հեռանալ Ղարաբաղէն, Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինին հարցուց. «Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ, ինչո՞ւ լքեցիք ղարաբաղցիները` զանոնք ձգելով բախտի քմահաճոյքին»: Կը ներէք, ի սէր Աստուծոյ, դուք էիք, որ որոշեցիք, որ անոնք քաղաքացիներ չեն կամ կը յաւակնին Ատրպէյճանի քաղաքացիութեան», աւելցուց Լաւրով:
Ան նշեց, որ կապ հաստատած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, երբ ինք գացած է Երեւան` մասնակցելու տարբեր հանդիպումներու: «Ինծի կը թուէր, որ ան տակաւին կը հասկնար Հայաստանի համար օգուտները Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները շարունակելէն, ՀԱՊԿի, ԵԱՏՄի շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութենէն: Բայց հիմա հայ պաշտօատարները թէ՛ Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդին, թէ՛ խորհրդարանին մէջ ուղղակիօրէն կ՛ըսեն, որ պէտք է աւելի շատ յոյս դնել Եւրոպական Միութեան վրայ, որ ՀԱՊԿը, իբր թէ, չի կատարեր հանրապետութեան հանդէպ իր պարտաւորութիւնները: Այսինքն, ըստ էութեան, շրջանակը կը փակուի, եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը սկսի արտայայտել այնպիսի միտքեր, որոնմցով Փաշինեան ստեղծեց իր «Ելք» շարժումը: Համոզուած եմ, որ ասիկա չի համապատասխաներ հայ ժողովուրդի եւ մեր շահերուն` հայերու հետ պատմական բարեկամական կապերուն, Ռուսիոյ մէջ ապրող հսկայական հայկական սփիւռքին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան տեսանկիւնէն: Նպատակը անոնց, որոնք այժմ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը հրապուրեն Արեւմուտքի կողմէ, պարզ է` թոյլ չտալ կայունութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ, փորձել այս տարածաշրջանը դարձնել իրենց գերիշխանութեան գօտի մը, ինչպէս այսպիսի բան կ՛ընէ Արեւմուտքը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ եւ մեր ընդհանուր ցամաքամասի շատ մը այլ վայրերու մէջ», եզրափակեց Լաւրով։