Դամասկահայ ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի տնօրէնութեան, խմբագրութեան, քարտուղարութեան եւ վարչական բաժանմունքի բոլոր գրասենեակները օժտեց նորագոյն արհեստագիտութեամբ օժտուած համակարգիչներով եւ անոնց ընկերակցող տպագրիչ սարքերով։
Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի անունը ծանօթ է մեր ընթերցողներուն։ Այս նուիրատուութիւնը արդէն երկրորդն է, որ բարերարին կողմէ կը կատարուի «Ազդակ»ին։ Յիշեցնենք, որ «Ազդակ»ի 80ամեակին առիթով տէր եւ տիկին Գաբրիէլ Չէմպէրճեանները ստանձնած էին «Ազդակ»ի մէկ տարուան տպագրութեան ծախսերը եւ «Ազդակ»ի ֆոնտին յատկացուցած քսան հազար ամերիկեան տոլար։
Մենք եւս, «Ազդակ»ի կողքին, խմբագրատան նոր համակարգիչներով օժտուիլը կ՚ընկալենք իբրեւ հայ մամուլի զարգացման եւ բարգաւաճումին հիմնովին նպաստող ազնիւ եւ մեծապէս գնահատելի քայլ։