


ՍԵԴԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Երաժշտական միաւորի «Նայիրեան» աղջիկներու երգչախումբը, ստեղծուած՝ 2019ին, Լուսինէ Մելիքսէթեանի ղեկավարութեամբ, յաճախ կը տեսնենք բեմերու վրայ, իր գեղեցիկ երգերով, սիրուն ձայներով եւ մեկնաբանութեամբ։ Անցեալ Դեկտեմբերին, երգչախումբը բացառիկ յաջողութեամբ ունեցաւ իր տարեկան երկրորդ համերգը Կլենտէյլի Presbyterian եկեղեցւոյ մէջ։ Լեցուն սրահը կը թնդար ծափահարութիւններով։ Բազմաթիւ երաժիշտներու հաճելի երգերով եւ բարձրորակ կատարողութեամբ՝ պարմանուհիները երգեցին խանդավառութեամբ իրենց տաղանդաւոր խմբավարին ղեկավարութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արմինէ Ղազարեանի եւ մասնակցութեամբ հիւր երգչուհի Արմինէ Վարդանեանի։
Յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հրաչ Սիմոնեանի կողմէ պատրաստուած յատուկ տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր «Նայիրեան»ի քառամեայ պատմութիւնը, ցուցադրելով նաեւ գաղութին մէջ ներկայացուած բազմաթիւ հանդիսութիւններու ընթացքին իրենց ելոյթներէն բաժիններ, ինչպէս նաեւ ողջոյնի խօսքերը Երաժշտական միաւորի ատենապետուհի Սեդա Սիմոնեանի եւ երաժիշտ-խմբավարներ Տիգրան Հեքեքեանի եւ Միքայէլ Աւետիսեանի։
Համերգին վերջաւորութեան, բեմին վրայ պարմանուհիներուն միացան իրենց ծնողները եւ սրահէն հանդիսատեսներ եւ միասին երգեցին Արցախի նուիրուած յատուկ խմբերգ մը։
Երկրորդ համերգը տեղի ունեցաւ 28 Յունուարին, Կլենտէյլի First German United Methodist եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին կատարուեցան նաեւ շնորհահանդէսները երկու հրատարակութիւններու՝ Բարսեղ Կանաչեանի ամբողջական գործերուն թուայնացման ծրագիրին եւ Արեւմտահայ երաժիշտներու 49 երգերու եւ ռոմանսներու հաւաքածոյ «Երազ» խտասալիկին, կատարողութեամբ Աննա Մայիլեանի։


Կանաչեան այն հազուագիւտ երաժիշտներէն է, որ աշակերտած է Կոմիտասին`մեր երաժշտութեան մեծագոյն հանճարին, եւ մեզի փոխանցած անոր շունչը։ Կանաչեանի գործերը արժանի տարածումը չեն գտած մանաւանդ հայրենիքի մէջ։ Հետեւաբար, Համազգայինի Երաժշտական միաւորը իր վրայ վերցուց անոր գործերուն պահպանումը, ձայնագրութիւնը, տարածումը եւ թուայնացումը։ Միաւորը բախտաւոր եղած է ունենալու բացառիկ անձնաւորութիւն մը իրեն բարեկամ, գործակից ու խորհրդատու՝ երաժշտագէտ, բանահաւաք-երգահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեանը։ Ան ոչ միայն լաւատեղեակ էր հայ երաժշտութեան, այլ նաեւ բարեկամ ու աշխատակից էր Կանաչեանին։ Հետեւաբար ունէր լայնածաւալ եւ բացառիկ արխիւներ Կանաչեանէն։ Ալահայտոյեան օգնեց Կանաչեանի գործերը դասաւորելու, հասկնալու եւ խմբագրելու ջանքին։ Ան առաջարկեց գործակցիլ իր քրոջ դստեր՝ դաշնակահարուհի Ծովիկ Մարգարեանի հետ։ Միաւորը այս աշխատանքը վստահեցաւ իրենց եւ գործը հասաւ իր կատարեալ յաջող աւարտին։ Միաւորին տեսլականը այն էր, որ այս թուայնացուած գործերը համացանցի միջոցաւ հասնին բոլորին՝ երաժիշտներու, երաժշտագէտներու, դպրոցներու, ուսուցիչներու, համալսարաններու եւ երաժշտանոցներու։ Եւ ահա այս բոլոր նիւթերը հասանելի են դիւրաւ եւ անվճար 2020ին միաւորին հաստատած կայքին վրայ (www.ganatchian.com)։
Ընթացքին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, գնահատելով այս յոյժ կարեւոր գործը՝ զայն հրատարակեց նաեւ գրքի ձեւով, որ կարելի է ստանալ գրախանութներէն։
Միաւորը իր հրատարակութիւններուն մէջ ունի ռոմանս երգերու 2 խտասալիկներ Արփինէ եւ Էլսի Փեհլիւանեաններու կատարողութեամբ։ Սակայն ունինք հարուստ ժառանգ մը բազմաթիւ այլ երգերու, որոնք հրատարակման կը կարօտին։ Աննա Մայիլեան, որուն հետ միաւորին գործակցութիւնը շատ յաճախ եւ մօտիկ եղած է, պատրաստ էր այսպիսի ծրագիրի մը իրագործման։ Միասնաբար աշխատելով՝ ընտրելով արեւմտահայ երագահաններու երգերէն, որոնցմէ շատերը չեն ունեցած իրենց արժանի տարածումը, եւ երկարաշունչ գործելէ ետք, Մայիլեան կրցաւ Հայաստանի մէջ ձայնագրել ընտրուած այս երգերը։ Այս բոլորը՝ 49 երգեր, բառերով եւ թարգմանութեամբ՝ խտասալիկի վրայ հրատարակուեցաւ «Երազ» անունով։ Կը մնայ վայելել այս բոլորը։


Յայտագիրին ընթացքին տեսերիզի մը միջոցով ներկայացուեցան նաեւ այս ծրագիրներու հեղինակներ՝ Բարսեղ Կանաչեանի, Պետրոս Ալահայտոյեանի, Ծովիկ Մարգարեանի եւ Աննա Մայիլեանի կենսագրութիւնները՝ նկարներով համեմուած։
Յստակ է, որ այս վարպետներուն կողքին աշխատած են կամաւորներու ստուար խումբ մը, որոնց շատ բան կը պարտինք եւ կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը։
Համերգի հանդիսավարն էր Վիլմա Սարգիսեան. Երաժշտական միաւորին խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Սեդա Սիմոնեան։ Ելոյթ ունեցաւ «Նայիրեան» երգչախումբը՝ Լուսինէ Մելիքսէթեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ երգիչ-երգչուհիներ Պերճ Քիրազեան, Էդգար Խաչատրեան, Արմինէ Վարդանեան եւ Եսթեր Թորչեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Ռշտունիի։
Բոլոր մասնակցողները սքանչելի էին բարձրորակ կատարողութեամբ եւ փայլուն մեկնաբանութեամբ։ Հանդիսատեսը վայելքով ըմբոշխնեց Կանաչեանի եւ միւս երգահաններու գեղեցիկ գործերը։ Այդ օր, բոլորը խոր գոհունակութիւն ստացան այս ծրագիրներու իրագործումով ու համերգով։ Ելոյթէն ետք տեղի ունեցան հիւրասիրութիւն մը, գիրքի եւ ձայնապնակներու վաճառք։
Հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման համար ստեղծուած` Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը աշխարհի գրեթէ բոլոր հայկական գաղութներուն մէջ ունի բազմաթիւ մասնաճիւղեր եւ միաւորներ, որոնք այլազան ձեւերով ու գործունէութեամբ կ՛աշխատին այդ նպատակին ի խնդիր:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Երաժշտական միաւորը անոնցմէ մէկն է, որ ունի առաւել քան 37 տարիներու բեղուն պատմութիւն։ Անիկա իրագործած է բազմազան ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ երգչախմբային, մեներգային, նուագախմբային, դասախօսական, հրատարակչական, դաստիարակչական, յոբելենական եւ այլ տեսակի ելոյթներ եւ հաւաքոյթներ։ Անիկա հրատարակած է առաւել քան 15 հայկական այլազան տեսակի արժէքաւոր երաժշտական ստեղծագործութիւններ:
Տակաւին ստուար, անծայրածիր գործ կայ տանելիք՝ հին եւ նոր հայ երաժշտական ժառանգութեան աշխարհին մէջ։ Եկէք օգնեցէք՝ հայ մշակոյթը պատիւով ապրեցնենք։
Միաւորը ունի նոր ծրագիրներ եւ համերգներ։ Արդէն սովորութիւն դարձած «Նայիրեան»ի տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ տարուան վերջաւորութեան։ Կան նաեւ այլ համերգներ. ամէնէն մօտը տեղի պիտի ունենայ շուտով՝ 3 Մայիսին, Cadence Ensemble-ի կատարողութեամբ։
Շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ երաժշտական ծրագիրներուն համար եւ յաջողութիւն Համազգայինի Երաժշտական միաւորի ապագայ գործունէութեան։