ՆԱԹՕի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտըրս Ֆոկ Ռասմուսեն կոչ ուղղեց Պրիւքսէլին՝ հրաժարելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւասար հեռաւորութեան քաղաքականութենէն եւ իռ անձնական դերակատարութիւնը ունենալու վերջիններուն միջեւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու միջնորդութեան հարցով՝ դադրելով չէզոք խաղացող ըլլալէ:
Ան այս մասին գրած է «Լը Մոնտ»ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ:
Ըստ անոր՝ մինչ ամբողջ ուշադրութիւնը սեւեռած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ անօրինական պատերազմին, Եւրոպայի մէջ տեղի կ՛ունենայ աշխարհաքաղաքական այլ մեծ տեղաշարժ մը՝ այս անգամ Հարաւային Կովկասի մէջ: Հակառակ Ռուսիայէն պատմական, տնտեսական, ուժանիւթի եւ ռազմական կախեալութեան, ինչպէս նաեւ իր տարածքին մէջ հազարաւոր ռուս զինուորներու ֆիզիքական ներկայութեան՝ Հայաստանի կառավարութիւնը համարձակ եւ համաձայնեցուած ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ ժողովրդավարական Արեւմուտքի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ:
«Այս վերակողմնորոշումը ժամանակ կը պահանջէ, սակայն Եւրոպական Միութենէն կը պահանջուի նաեւ աւելի յաւակնոտ ռազմավարութիւն որդեգրել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան գծով: Նախ պէտք է վերջ տալ այն թիւր պատկերացումներուն, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է չէզոք խաղացող ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Եւրոպան պէտք է իր դերը խաղայ երկարաժամկէտ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը շուրջ բանակցութիւններու միջնորդութեան հարցին մէջ: Սակայն անոր մօտեցումը պէտք է արտացոլացնէ այն իրողութիւնը, որ Հայաստան ընտրած է եւրոպական ժողովրդավարութիւններու համայնքը, մինչդեռ Ատրպէյճան կը գտնուի յարձակողապաշտ ինքակալներու շարքին: Եւրոպական յստակութեան եւ յաւակնութիւններու բացակայութիւնը կրնայ վտանգել Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը եւ անոր աշխարհաքաղաքական առանցքը», կ՛ըսէ Ռասմուսեն:
Անդրադառնալով 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումին՝ ան կ՛ըսէ, որ Եւրոպական Միութեան այս նոր մօտեցումը պէտք է սկսի այդ ժողովին: «Հայաստան արդէն Ռուսիոյ գլխաւորած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հետ յարաբերութիւնները սառեցուցած է, զօրավարժութիւններ կազմակերպած է Միացեալ Նահանգներու հետ եւ կը ձգտի ընդլայնել իր տնտեսական կապերը ժողովրդավարական երկիրներու հետ, սակայն 2023ին, Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Հայաստանի մէջ ռազմավարական բարձունքներու շարունակական բռնագրաւումէն ետք, Հայաստանի մէջ ապահովական վիճակը կը մնայ անկայուն», կ՛եզրակացնէ Ռասմուսեն: