
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ խումբ մը ծերակուտականներ, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յղուած նամակով մը նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրին՝ ապահովելու Պաքուի մէջ պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն եւ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Արցախի բնակչութեան՝ իր հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը։
Այս կոչով հանդէս եկան ծերակուտականներ Էտ Մարքի (Դ., Մեսեչուսեց), Պիլ Քեսըտի (Հ, Լուիզիանա), Թամ Թիլիս (Հ., Հիւսիսային Քերոլայինա) եւ Կերի Փիթըրզ (Դ., Միշիկըն)։
Ծերակուտականները ցաւ կը յայտնեն, որ ցարդ Ատրպէյճան միայն աննշան պատիժներ կրած է միջազգային հանրութեան կողմէ՝ Արցախի նախկին ղեկավարները եւ այլ գերիներ ապօրինի կերպով բանտարկելուն համար։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունեցածը որակած է ցեղային զտում, Պայտընի վարչակազմը բաւարար վճռականութեամբ չի պաշտպաներ հայերուն՝ միջազգային երաշխիքներով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը: Թէեւ Ուաշինկթըն քանի մը հրապարակային յայտարարութիւններով պաշտօնապէս հաստատած է Արցախի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը, այդուհանդերձ որեւէ շօշափելի քայլի չէ ձեռնարկած՝ երաշխաւորելու համար այն ապահով պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են հայերուն վերադարձին համար:
Ծերակուտականները կը նշեն, որ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը գլխատելու՝ Պաքուի փորձերը «ցեղային զտումներ իրականացնողներու յայտնի մարտավարութիւն է»:
«Արցախի մէջ ցեղասպանութեան, Հայաստանի տարածքներու բռնագրաւման եւ հայ բանտարկեալներու եւ քաղաքական ղեկավարներու բանտարկելուն համար Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու Պայտըն-Հերիս վարչակազմի անկարողութիւնը ոչ միայն վտանգած է կայուն եւ արդար խաղաղութեան ապահովման ջանքերը, այլ նաեւ կը քաջալերէ Պաքուի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ աճող սպառնալիքները», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով նշեալ նամակի հեղինակներուն՝ վարչակազմին վրայ ճնշում գործադրելու եւ Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու կոչին համար։
Ըստ Համբարեանի՝ բանակցութիւններու միջոցաւ որեւէ լուծում պէտք է համապատասխանէ արցախահայութեան՝ իրենց հայրենիքին մէջ խաղաղ եւ ապահով ապրելու հիմնարար իրաւունքներուն:
Ծերակուտականներուն նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։