Իլհամ Ալիեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Հակառակ անոր որ վերջին օրերուն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին փորձեցին մեզ համոզել, որ այդ հանդիպումը (Պրիւքսէլի) մեզի դէմ չէ ուղղուած, բայց մենք գիտենք, որ անիկա Ատրպէյճանի դէմ է, Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան դէմ է: Անիկա նպատակ ունի բաժանարար գիծեր ստեղծելու եւ Ատրպէյճանը մեկուսացնելու»։
Ընդգծելով, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը փոխուած է՝ Ալիեւ կարեւոր նկատեց, որ այդ պայմաններուն մէջ Թուրքիա-Ատրպէյճան միասնութիւնը այսօր աւելի ամուր ըլլայ, ինչպէս միշտ, եւ յայտնեց, որ պիտի ձախողին մտադրութիւնները անոնց, որոնք կը միտին խախտել այդ միասնութիւնը: