Հոլիվուտի Թ.Մ. միութեան «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի վկայականներու բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 23ի երեկոյեան ժամը 5ին, վարժարանի «Ուոլթըր եւ Լորէլ Գարապեան» սրահի մէջ: Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան առաջնորդ հայրը ներկայացնելով մասնակցեցաւ յայտագրին:
Շրջանաւարտները տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի առաջնորդութեամբ մուտք գործեցին սրահ: Բարի գալստեան եւ բացման խօսքը կատարեց հանդիսավարը՝ Արփի Աւանէսեան (1992ի շրջանաւարտ): Ապա տնօրէնը կարդաց 5րդ եւ 8րդ դասարաններու աշակերտներէն մրցանակ շահողներուն անունները եւ Հէրի Մէնէշեան կատարեց անոնց յանձնումը:
Փոխտնօրէն Վազգէն Պուլղուրճեան կարդաց 5րդ դասարանի շրջանաւարտներուն անունները եւ Անգինէ Ղարիպեան բաժնեց անոնց վկայականները: Ապա 8րդ դասարանի դաստիարակ Վաչէ Սեմերճեան կարդաց 8րդ դասարանի շրջանաւարտներուն անունները, իսկ Երուանդ Ակիշեան յանձնեց անոնց վկայականները: Այնուհետեւ 12րդ դասարանի դաստիարակ Լորա Գույումճեան կարդաց աւարտական դասարանի շրջանաւարտներուն անունները եւ Ճորճ Մանտոսեան բաժնեց անոնց վկայականները: Հրաժեշտի խօսքով հանդէս եկան շրջանաւարտներ Մարի Յովսէփեան՝ անգլերէնով եւ Արփի Բօսնոյեան՝ հայերէնով: Երկուքն ալ տնօրէնէն արժանացան շքանշաններու:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Կլէնտէյի Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նայիրի Նահապետեան, որ երկլեզու ելոյթով յոյս ներշնչեց շրջանաւարտներուն եւ քաջալերեց զիրենք, որ հաստատակամութեամբ շարունակեն իրենց ուսումը եւ առանց յուսահատութեան հասնին իրենց նպատակին:
Ապա տնօրէնը մրցանակներու բաշխումը կատարեց ԺԲ. աւարտական դասարանի աշակերտներուն:
Իրաւաբանուհի Արմինէ Տաղլեան-Սարգիսեան (1994ի շրջանաւարտ), հայերէնով եւ անգլերէնով իր սրտի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ անդրադարձաւ ծնողներու բազմաթիւ զոհողութիւններուն: Իսկ հոգաբարձութեան խօսքը ըրաւ Ճիա Այվազեան, որ ջերմապէս շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները եւ կոչ ուղղեց, որ անոնք նոյն ոգիով եւ եռանդով արժանանան բարձրագոյն վկայականներու: Իւրայատուկ ոճով եւ հայրական մօտեցումով իր փակման խօսքը արտասանեց տնօրէնը՝ յայտնելով, որ վարժարանէն ներս բարոյական եւ կամ ա՛յլ խախտումներ գոյութիւն չեն ունեցած, այլ որպէս մեծ ընտանիք մը, ուսանողները սիրալիր եւ յարգալից վերաբերմունք ունեցած են իրարու նկատմամբ: Ան շեշտեց, թէ անցնող տարիներու շրջանաւարտները բազմաթիւ համալսարաններէն ներս շարունակած են իրենց բարձրագոյն ուսումը՝ միշտ պատիւ բերելով «Տիգրանեան» վարժարանին:
Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան կարդաց Յովնան արք. Տէրտէրեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ սրբազան հայրը կը գրէր. «Վարժարանի կրթական յաջողութիւնները կը պարտինք բազմավաստակ տնօրէն՝ Տիար Վարդգէս Գուրուեանի, հոգաբարձութեան լուրջ հետաքրքրութեան, Խնամակալ մարմնին եւ ուսուցչական կազմին, որոնք հայու ճշմարիտ ոգիով եւ անձնուիրաբար լծուած են մեր մատաղ սերունդի ուղիղ դաստիարակութեան»:
«Պահպանի»չ աղօթքով փակուեցաւ վկայականներու բաշխման հանդէսը:
(Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Թղթակցութենէն)