
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, արձագանգելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովային՝ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու սրումը աւելի շատ կախեալ է Ռուսիայէն, քան՝ Ատրպէյճանէն:
Յիշեցնենք, որ Զախարովա նախորդ օրերուն զգուշացուցած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր սրումը կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ Երեւան որքանո՛վ թոյլ պիտի տայ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն՝ «քայքայիչ ազդեցութիւն ունենալու տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի, նաեւ՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ»։
«Դա նշանակում է, որ Ադրբեջանի հետ սրումը աւելի շատ կախուած է Ռուսաստանից, քան թէ Ադրբեջանից: Կարող ենք այս յայտարարութիւնից հէնց դա ենթադրել, եւ դա մտահոգիչ է շատ», նշեց Գրիգորեան: