Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչ 8 Ապրիլին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի իշխանութեան ղեկավարներուն հետ, իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելութեան ընթացքին, ան դիմաւորուեցաւ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումին մասին Փէյչինովիչ-Պուրիչ «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ անիկա «գերազանց» էր, եւ որ` բարեփոխումներու հարցով Եւրոպական խորհուրդը պիտի շարունակէ աջակցիլ Երեւանին:
Ըստ կառավարութեան` Փէյչինովիչ-Պուրիչ հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակաշրջանին, Հայաստանի կառավարութիւնը արդիւնաւէտ կերպով զանազան ուղղութիւններով բարեփոխումները կեանքի կը կոչէ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանային երթեւեկի ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն:


Փաշինեան Փէյչինովիչ-Պուրիչին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւ անոր սկզբունքները: Փէյչինովիչ-Պուրիչ յայտնեց, որ այս նախագիծը կրնայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ կարեւոր նախադրեալ դառնալ։
Կառավարութենէն յայտնեցին, որ Փաշինեան եւ Փէյչինովիչ-Պուրիչ քննարկեցին
Արցախէն բռնի տեղահան եղած անձերու մարդասիրական հարցերը:
Արցախէն տեղահանուած առաւել քան 100 հազար հայերուն մասին խօսուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Երեւան կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Եւրոպական խորհուրդին միջեւ գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան վերաբերող հարցեր:
Միրզոյեան եւ Փէյչինովիչ-Պուրիչ անդրադարձան Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող քայլերուն: Այս պարունակին մէջ, Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստանի յանձնառութիւնը եւ ջանքերը` նշելով թշնամանքէ զերծ մթնոլորտի մը ձեւաւորման եւ առանցքային հարցերու մէջ յստակ յանձնառութեան կարեւորութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ ցոյց կատարող ընդդիմադիրները կը պահանջէին, որ Եւրոպական խորհուրդը ճնշում բանեցնէ Երեւանի վրայ՝ հայաստանեան բանտերուն մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու համար:


Ըստ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու ` Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան:
«Պահանջը շատ յստակ է` պիտի արձանագրուի, որ այո՛, Հայաստանի Հանրապետութիւնում ազատ խօսքի իրաւունքն իրացնող քաղաքացիները հետապնդւում են, եւ դա քաղաքական հետապնդում է, հետեւաբար իրենք քաղաքական բանտարկեալներ են», յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած քաղաքացիները կը պահանջէին նաեւ, որ մարդու իրաւունքներով զբաղող առաջատար կազմակերպութիւնը ճնշում բանեցնէ Պաքուի վրայ:
«Մեր հայրենակիցներն են, որոնց բոլորի համար մեր բոլորի սիրտը ցաւում է անզօրութիւնից, որովհետեւ Բաքուի բանտում են, մենք ոչինչ անել չենք կարող: Եւ մենք վստահ էինք, որ այս շէնքում դրա մասին չէին խօսում, չէին խօսելու, չէին խօսելու, որ Եւրոպայի խորհուրդը ճնշում գործադրի Ադրբեջանի նկատմամբ, խօսի այդ հարցի մասին, պահանջի, որպէսզի ազատ արձակուեն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները, նախկին նախագահները», ըսաւ իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեան:
Ատրպէյճանի մէջ, ըստ հայաստանցի իրաւապաշտպաններու, այժմ 23 հայեր կը պահուին, անոնց մէջ են նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարները: