Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանի տնօրէնութեան, Հայագիտական ամպիոնի եւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի խմբագրութեան, 26 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի 27րդ հատորին լոյս ընծայման առիթով հանդիպում մը՝ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, դասախօսներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Արշալոյս Թօփալեան, որ ըսաւ, թէ հատորին աշխատակցած են 12 հայրենի եւ 8 սփիւռքահայ ուսումնասիրողներ եւ հեղինակներ:
Թօփալեան նաեւ բարձր գնահատեց հանդէսի պատասխանատու խմբագիրին ունեցած գործուն դերակատարութիւնը:
Ապա խօսք առաւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի պատասխանատու խմբագիր Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան, որ նախ եւ առաջ նշեց, թէ Լիբանանի անապահով օրերուն եւ տագնապալից պայմաններու մէջ նմանօրինակ հատորի մը հրատարակումն ու նմանօրինակ ձեռնարկի մը կազմակերպումը արդէն մեծ իրագործում է:
Հայր Կռանեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հատորի հրատարակութիւնը Լիբանանը պահ մը կը դարձնէ Հայագիտական կեդրոնի մը. ան աւելցուց, որ եթէ հատորի հրատարակութիւնը, հայ դպրոցին ու հայ լեզուին պահպանումը ներկայիս անհեթեթութիւն կը նկատուի, ապա հայ մնալու համար նախընտրելի է նոյնիսկ անհեթեթ մնալ:
Հանդիսութեան աւարտին նաեւ խօսք առաւ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ հաստատեց, թէ «Հայկազեան» համալսարանը իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ լիբանանահայութեան աշխատանքներուն մէջ կը բերէ իր համեստ բաժինը:
Ան նշեց, որ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ը ազգային եւ ակադեմական առումով մեծ ու գնահատելի հարստութիւն մըն է:
Խօսքի աւարտին վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ին լոյս ընծայման աշխատանքներուն:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի խմբագիր հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան եւ հայրենի արուեստագէտ Երուանդ Երկանեան կտրեցին «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի 27րդ հատորին կարկանդակը: