ՊՈԼԻՍ, «Նոր Մարմարա».- 31 Մարտի տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն մէջ ներգրաւուեցան նաեւ Թուրքիոյ հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ՝ քաղաքապետական խորհուրդներուն մաս կազմելու համար: Անոնք զանազան կուսակցութիւններու կողմէ թեկնածու առաջադրուեցան եւ հիմա ահաւասիկ, անոնցմէ մէկ քանին աթոռ ունին ծառայութեան նոր շրջանին:
Թալին Էրկիւնէշ Կազէր եւ Մարգարիտ Տիքմէ Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան ցանկերէն դարձած են Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդներու անդամ:
Քրիստին Շէնկալ ընտրուած է Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, իսկ ըստ վերջին տուեալներու, Արէտ (Իպրահիմ) Թիւրքայ՝ Տիգրանակերտի։
Գալով անոնց, որոնք չընտրուեցան՝ Արամ Տէմիր եւ Մանուկ Էօղէր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ առաջադրուած էին իշխող կուսակցութեան, իսկ Ալէն Օհաննէսեան՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ: Իբրեւ պահեստի անդամ՝ Ֆաթիհ քաղաքամասին մէջ քաղաքապետական խորհուրդի անդամութեան թեկնածու առաջադրուած էր Գէորգ Էօզգարակէօզ, որ նոյնպէս չընտրուեցաւ: Կղզիներու քաղաքապետութեան մէջ քրտամէտ կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկի առաջին անունը Քրիստին Սելեքմանն էր, իսկ Աշխատաւորական կուսակցութեան մէջ՝ Սեւան Մուրատեան, որոնք երկուքն ալ չընտրուեցան: